Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Նոր Կառավարութեան Մաս Պիտի Չկազմէ


Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան Մայիս 11ին կառավարութեան նիստէն առաջ յայտնած է, որ հրաժեշտ պիտի տայ իր պաշտօնին։ 

“Նոր կառավարութեան կը մաղթեմ լաւագոյն գործեր եւ սփիւռքահայութեան հետ կապերու աւելի ուժեղացում”, ըսած է Յակոբեան։

Ան յաջողութիւն մաղթած է նոր անձնակազմին:

Յայտնենք, որ այս մասին կառավարութեան շէնքին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Ան տեղեկացուցած է, որ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պիտի չշարունակէ պաշտօնավարել: «Այժմ մենք կառավարութեան կառուցուածքին մէջ փոփոխութիւններ ընելու ծրագիր չունինք եւ չենք ալ հասցներ ֆիզիկապէս, սակայն Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են: Ամէն ինչ պիտի ընենք, որ այդ նախարարութիւնը գործԷ ոչ միայն սփիւռքի ու հայապահպանութեան ծիրէն ներս, այլեւ ան պէտք է հայրենադարձութիւնը կազմակերպող եւ հայրենադարձութեան աջակցող հիմնական օղակը ըլլայ»,- նշած է ան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ստեղծուած է 2008 թուականին: Հիմնադրման օրուընէ ի վեր սփիւռքի նախարարի պաշտօնը կը զբաղեցնէ Հրանոյշ Յակոբեանը: