Ս. Աստուածածնայ Տօնը Քեսապի Մէջ


Սիլվի Աբէլեան


Արեւմտահայ աւանի վերջին մնացորդացը` Քեսապը, ինքնուրոյն աշխարհ մըն է իր գիւղերով, անտառներով, պտղատու ծառերով, իր բնակիչներով, կենցաղով, սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով:

Միջերկրականի արեւելեան աջին փռուած հայկական գիւղաքաղաքը` Քեսապը, մինչեւ 19-րդ դարու կէսը կղզիացած կը մնար, բայց 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ան կը դառնայ ոչ միայն հայութեան, այլեւ Սուրիոյ ժողովուրդին համար սիրելի ամարանոց մը,  հանգիստի ապահով գիւղ մը եւ միութիւններուն համար բանակումներու կարեւոր վայր մը:

Քեսապի ամառները սովորաբար կ՛անցնէին ուրախ, տեղի կ՛ունենար աշխուժ եռուզեռ, ամէն կողմէ կը լսուէին բանակող միութիւններու փողերախումբերուն կշռութաւոր մեղեդիները, ամէնուր կը նշմարուէին սկաուտներուն տողանցքները, արշաւները, կը լսուէին անոնց կանչերն ու երգերը:

Մինչ օդափոխութեան եկողները իրենց hանգիստը կ՛անցընէին Քեսապի անտառներուն զով ու մաքուր օդը շնչելով ու անդորրը վայելելով` տեղացի բնակիչներուն մէկ մասը իր բերքահաւաքի արգասիքը կը վայելէր, իսկ միւս մասը, որուն մաս կը կազմէին պանդոկներու, ճաշարաններու ու խանութներու տէրերը, գործի թէժ ժամանակաշրջանը կ՛ապրէր:

Քեսապի ամառը յատկանշող ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը Ս. Աստուածածնայ ուխտի տօնն է, որ ամէն տարի կը կատարուի  Էսքիւրանի մէջ (Ներքի գիւղ): Նախապէս Քեսապի ուխտագնացութեան վայրը Կասիոս լերան  լանջին Պարլումն էր, որուն տօնախմբութիւնը կը կատարուէր Վարդավառին, բայց 1939-ի Սանճաքի Թուրքիոյ կցումով Պարլումը մնաց Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, իսկ ուխտագնացութեան վայր նշանակուեցաւ Էսքիւրանը:

Տարուան ընթացքին Քեսապի ամէնէն տօնական մթնոլորտը Ս. Աստուածածնայ շաբաթը կը տիրէր: Էսքիւրան կը լեցուէր բազմահազար ուխտաւորներով, որոնք կու գային Սուրիոյ տարբեր քաղաքներէն ու իրենց վրանները կը լարէին ուխտատեղիին դիմացը գտնուող թութի ծառերուն տակ:  Արարողութիւնը կը սկսէր կիրակի կէսօր, երբ հազարաւոր հաւատացեալներ կը փութային Հայ առաքելական եկեղեցի` մասնակցելու խաղողօրհնէքի արարողութեան: Քեսապի խաղողները ողկոյզ առ ողկոյզ զետեղուած կ՛ըլլային  տոպրակներու մէջ, ու ամէն ոք կը ջանար այդ օրհնուած խաղողէն ստանալ ու անպայման տուն տանիլ: Այդ  օրերուն ամէն տունէ ձէթով բոկեղի բոյրը դուրս կու գար:

Կիրակի երեկոյեան մատաղները կ՛օրհնուէին ու կը մորթուէին, աւանդական կաթսաները կը շարուէին կրակներուն վրայ: Կը փչէր զուռնան, ու մինչեւ լոյս կը զարնէր թմբուկը: Տեղացիք կ՛երգէին ու կը պարէին Քեսապի շուրջպարերը: Համազգայինի կազմակերպութեամբ, տարիներ շարունակ այդ երեկոյ ելոյթ կ՛ունենար Հալէպի «Սարդարապատ» պարախումբը: Երկուշաբթի առաւօտ տեղի կ՛ունենար հանդիսաւոր պատարագ, սրբազան հայրը կ՛օրհնէր աւանդական հերիսան, որ յետոյ երիտասարդներուն միջոցով կը բաշխուէր  ուխտաւորներուն: Երեկոյեան ուխտաւորները կը պատրաստուէին վերադառնալ իրենց քաղաքներն ու տուները: Այդ օրերուն ապահովութեան համար ինքնաշարժներուն մուտքը Էսքիւրան կ՛արգիլուէր: Մարդիկ պէտք էր  քալելով հասնէին ուխտատեղի: Ոստիկանները կը հսկէին ապահովութեան:

Սուրիոյ պատերազմէն առաջ, վերջին 15 տարիներուն փոխուած էր Ս. Աստուածածնայ տօնին եկող ուխտագնացութեան պատկերը: Վրանները վերացած էին, ուխտի եկողները սկսած էին տուներ վարձել: Սակայն խնճոյքն  ու կերուխումը, զուռնան եւ թմբուկը քեսապցիներու շուրջպարերով կը շարունակուէին ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Հետաքրքրութեան համար ներկայ կ՛ըլլան նաեւ օտար այցելուներ:

Այսօր, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ 2014-ի տեղահանութեան, Քեսապ վերագտած է իր հարազատները: Ան կը շարունակէ մնալ ապրող աշխարհ մը իր անցեալին հետ ցաւոտ, բայց` սերտ կապերով, ժամանակին եւ ժամանակակից աշխարհին հետ բազմաթիւ օղակներով շաղկապուած իրականութիւն մը, հայօրէն գոյատեւելու ճիգով ու առօրեայ հոգերով տրոփող իրական աշխարհ մը: Քեսապ պիտի շարունակէ շնչել հայօրէն, այնքան ատեն որ հոն կենդանի են տոհմիկ մշակոյթ մը եւ այդ մշակոյթը կենդանի պահող հայորդիները: