Վանայ Լիճի Յատակը Յայտնաբերուած է Ուրարտական Ժամանակաշրջանի Հնագոյն Ամրոց


«Էրմէնիհապեր»․- Թուրքիոյ  «Yüzüncü Yıl» համալսարանի ջրային հետազօտութիւններու բաժանմունքի դասախօս, փրոֆէսոր Մուսթաֆա Ակքուշը  յայտարարած է, որ Վանայ լիճի յատակը յայնտաբերուած է 3000ամեայ պատմութիւն ունեցող ամրոց: Ամենայն հաւանականութեամբ ամրոցը կը պատկանի Ուրարտական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին:

Թուրք փրոֆէսորը յայտնած է, որ ամրոցը ջուրի տակ մնացած է, քանի որ լիճի մակարդակը վերջին 100ամեակի ընթացքին բարձրացած է շուրջ 150 մեթրով:

Ըստ անոր` բարեբախտաբար  ամրոցի պատերը լաւ պահպանուած են եւ բոլորովին չեն վնասուած: Ատոր նպաստած է մասնաւորապէս լիճի ջուրին աղիութիւնը:

Թուրք փրոֆէսորին կարծիքով լիճը, որ իր մէջ բազմաթիւ առեղծուածներ կը թաքցնէ, կրնայ հետաքրքրել սուզորդներն ու հնագէտները:

Յիշեցնենք, որ Ուրարտուն, կամ Վանի թագաւորութիւնը գոյութիւն ունեցած է Ք.ա. 9–6րդ դարերուն: