Վանգուվըրի Մէջ Հիմը Դրուած է Համազգայինի Նոր Մասնաճիւղի


Անցնող Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Համազգայինի Գանատայի ընտանիքը համալրուած է չորրորդ մասնաճիւղով մը: Վանգուվըր հաստատուած Համազգայնականներ հիմը դրին տեղւոյն «Վարագ» մասնաճիւղին եւ ի մի բերին վարչութիւն մը, որ կը ծրագրէ աշխոյժ մշակութային գործունէութիւն ծաւալել Վանգուվըրի հայ գաղութին մէջ:

Հիմնադիր վարչութեան մաս կը կազմեն՝ Ասպետ Չոլաքեան, Վիգէն Քոչեան, Մեղրիկ Չափանեան, Ռուպինա Փանոսեան, Լեւոն Սերայտարեան եւ Կարին Սաղտըճեան- Տէր Յակոբեան:

Նշենք, որ Գանատայի մէջ Համազգայինի մասնաճիւղեր արդէն տարիներէ ի վեր կը գործեն Մոնթրէալի, Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի մէջ։