Վանգուվըրի Մէջ Հիմնուեցաւ ՀՄԸՄի Նոր Միաւոր


Կ. Սաղ­տը­ճեան-Տէր Յա­կո­բեան

 

18 Օ­գոս­տոսը Վան­գու­վը­րի հայ գա­ղու­թին հա­մար պատ­մա­կան օր մը հան­դի­սա­ցաւ:

Ար­դա­րեւ, Գա­նա­տա­յի Ա­ռաջ­նորդ Բաբ­գէն Արք. Չա­րեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ ՀՄԸ­Մի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ Մո­սիկ Թո­փու­զեա­ն, Գա­նա­տա­յի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Լիո­նի Սար­մա­զեա­նի, Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ Տա­նի Մար­կո­րեա­նի եւ Գա­նա­տա­յի Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վա­հէ Ան­տո­նեա­նի տե­ղի ու­նե­ցաւ Վան­գու­վը­րի ՀՄԸ­Մի հիմ­նադ­րու­մը: Ա­նի­կա կը հան­դի­սա­նայ ՀՄԸ­Մի մեծ ըն­տա­նի­քին կրտսե­րա­գոյն միա­ւո­րը:

Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան կ՛օրհնէ ՀՄԸՄի դրօշակը։

Գա­ղու­թը հի­նէն ի վեր ու­նէր ՀՕ­Մի եւ Հա­մազ­գա­յի­նի մաս­նա­ճիւ­ղեր, սա­կայն, ցարդ ՀՄԸ­Մը բա­ցա­կայ ե­ղած է գա­ղու­թէն: Այս պատ­ճա­ռով ալ մար­զա­սէր ե­րի­տա­սարդ­ներ կա­րիք կը զգա­յին հայ­կա­կան մարմ­նակր­թա­կան միու­թեան մը, որ պի­տի մէկ­տե­ղեր զի­րենք մէկ հո­վա­նիի տակ:

Հիմ­նադ­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Վան­գու­վը­րի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան քեր­մէ­սին ըն­թաց­քին, Հայ Կեդ­րո­նի շրջա­փա­կէն ներս: Օ­հան Կիւ­րե­ղեան հան­դի­սու­թիւ­նը բա­ցաւ` յոտն­կայս Հա­յաս­տա­նի քայ­լեր­գի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ: Ա­պա բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին եւ հրա­ւի­րեց Գա­նա­տա­յի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի քոյր Լիո­նի Սար­մա­զեա­նը, որ յայ­տա­րա­րէ ՀՄԸՄ Վան­գու­վը­րի հիմ­նու­մը: Ան նախ ներ­կա­յա­ցուց ան­ցեալ Յու­լի­սին Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ՀՄԸ­Մի 100ա­մեա­կի նո­ւի­րո­ւած կա­րե­ւո­րա­գոյն ձեռ­նարկ­նե­րը: Ան ը­սաւ, թէ 1300 ՀՄԸ­Մա­կա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բա­նա­կու­մին եւ յի­շեալ ձեռ­նարկ­նե­րուն ցոյց տո­ւաւ, թէ ինչ­պի­սի ուժ եւ կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Միու­թիւ­նը այ­սօր: Ա­պա ըն­թեր­ցեց Վան­գու­վը­րի միա­ւո­րը յա­ռա­ջաց­նող` ՀՄԸ­Մի Գա­նա­տա­յի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը եւ ներ­կա­յա­ցուց ՀՄԸՄ Վան­գու­վը­րի նշա­նա­կեալ հիմ­նա­դիր խմբա­կի կազ­մը:

Ապա, Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը օրհ­նեց ՀՄԸՄի դրօ­շա­կըª ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Հայր Գա­րե­գին վրդ. Շխրտմեա­նի: Ան իր խօս­քին մէջ մաղ­թեց, որ ՙԲարձ­րա­ցիր, Բարձ­րա­ցուր՚ նշա­նա­խօս­քով գոր­ծող միու­թիւ­նը իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ծա­ւա­լէ ի խնդիր հայ հա­մայն­քին« ե­կե­ղե­ցիին եւ հայ­րե­նի­քին:

Ա­պա Լիո­նի Սար­մա­զեան ՀՄԸ­Մի օրհ­նո­ւած դրօ­շը, իսկ եղբ. Տա­նի Մար­կո­րեան` ՀՄԸ­Մի կա­նո­նա­գիր­քը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նե­ցին մաս­նա­ճիւ­ղի վա­րիչ­նե­րուն:

ՀՄԸՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Լէոնի Սարմազեան ելոյթի ընթացքին։

ՙՀՄԸ­Մի Վան­գու­վըր ժա­մա­նու­մը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը սպա­սո­ւէր. ա­նի­կա բաց մը գո­ցեց եւ շա­տե­րու մօտ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց: Չեմ կրնար բա­ցատ­րել այն զգա­ցու­մը, զոր կ­՛ու­նե­նամ, երբ քա­ղաք ժա­մա­նած նոր ըն­տա­նիք մը կամ ե­րի­տա­սարդ մը ին­ծի կը զան­գէ հարց տա­լով, թէ ինչ­պէս կրնայ միա­նալ ՀՄԸ­Մի տեղ­ւոյն միա­ւո­րին՚, կ­՛ը­սէ Լի­սա Հո­կի­քեա` Վան­գու­վը­րի նո­րաս­տեղծ միա­ւո­րին վա­րիչ մարմ­նի ա­տե­նա­պե­տը:

Նո­րա­կազմ միա­ւո­րը կը կազ­մէ 30 հո­գի: 5 ան­դամ­նոց վա­րիչ մար­մին եւ 25 մար­զիկ­ներ, ո­րոնք բաժ­նո­ւած են` տղոց ֆութ­պո­լի եւ աղ­ջիկ­նե­րու վո­լի­պո­լի խում­բե­րու:

ՙԱն­համ­բեր եմ տես­նե­լու այս հզօր կազ­մա­կեր­պու­թեան ա­ճը եւ ծաղ­կու­մը մեր գա­ղու­թէն ներս իբ­րեւ մեր ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րուն մարմ­նակր­թու­թեան սա­տա­րող հայ­կա­կան հա­րա­զատ մի­ջա­վայր՚, կ­՛ա­ւելց­նէ Հո­կի­քեան:

Վան­գու­վը­րի խում­բե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, Օ­գոս­տոս 30-էն Սեպ­տեմ­բեր 2, պի­տի մաս­նակ­ցին Լա­ւա­լի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք ՀՄԸ­Մի հա­մա­գա­նա­տա­կան խա­ղե­րուն:

Նոյն օրը, ժո­ղովր­դա­յին նո­ւի­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին 30 հա­զար տո­լար հան­գա­նա­կո­ւե­ցաւ` ի նպաստ նոր մաս­նա­ճիւ­ղի յա­ռա­ջի­կայ աշ­խա­տանք­նե­րուն: