Վանի Արծուաբեր Վանքը` Վերջնականապէս Անհետանալու Վտանգին Տակ


“Ակունք”, (Gazetekarinca)․- Վանի Արճէշ գաւառի Սալմանաղա թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Արծուաբեր վանքը վերջնականապէս անհետանալու վտանգի տակ է: Գանձագողերը տասնեակ խոր փոսեր փորած են վանքին մէջ, իսկ տեղի բնակիչները իրենց աղբը կը լեցնեն այնտեղ: Այդ մասին հաղորդէ Akunq.net-ը՝ վկայակոչելով Gazetekarinca.com լրատուական կայքէջը:

Հայկական աղբիւրներու մէջ նշուած է, որ վանքը կառուցուած է 7րդ դարու առաջին կէսին կամ 8րդ դարուն` իշխան Մժեհ Գնունիի (637ին) կամ Արճէշի հոգեւոր առաջնորդ Եղիա Արճեշցիի (703-717ներուն) կողմէ, եւ եղած այդ շրջանի 3 ամենանշանաւոր վանքերէն մէկը:

1393ին եկեղեցւոյ վանական դպրոցը ունեցած է 60 աշակերտ, իսկ 1409-1414 թուականներուն` վանահայր Կարապետի օրօք, վերականգնուած է: Վանքի գմբէթը մասամբ փլած է 19րդ դարու առաջին կէսին, սակայն` վերստին կառուցուած: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ վանքը 1896 եւ 1915 թուականներուն յարձակման ենթարկուած է, ամենայն հաւանականութեամբ` քիւրտերու կամ թուրքերու կողմէ:

Արծուաբեր վանքը թուրքերու կողմէ զաւթուած է Առաջին աշխարհամարտէն եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս յետոյ: Վանքի պարիսպներն ու խաչքարերը եւ կից կառոյցները ամբողջովին աւերուած են, եւ փաստօրէն մնացած աւերակները եւս լիովին անհետանալու վտանգի տակ են: