Վանի Կուսական Գեղեցկուհին՝ Կտուց Կղզին․ Թրքական Կայքին Անդրադարձը (տեսանիւթ)


“Թերթ”․- Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը յատուկ անդրադարձ կատարած է այժմեան Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Վանի նշանաւոր Կտուց կղզիին, որ այսօր կ՛անուանուի Չարփանաք: Ըստ թուրք լրագրողին` Կտուց կղզին Վանի կուսական գեղեցկութիւնն է եւ յատկապէս հրաշալի է գարնանային այս եղանակին:

Ժամանակին ամբողջովին հայերով բնակեցուած կղզին կը գտնուի Վանի նահանգի Տուշպայ շրջանի տարածքին` Վանայ լիճի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ:

Թէեւ Վանի խորհրդանիշերէն մէկը կը համարուի Աղթամար կղզին` իր Սուրբ Խաչ վանքով, Կտուց կղզին նոյնպէս ամէն տարի կը հիւրընկալէ բազմաթիւ տեղացի ու օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ:

Տեղի բնակիչները լրագրողներուն պատմած են, որ իրենց ձկնորսական նաւերով կը պտտցնեն զբօսաշրջիկներ լիճին մէջ, որ մեծ մաս գիւղացիներու համար եկամուտի կարեւոր աղբիւր դարձած է:

Կղզիին մօտակայքի գիւղերէն մէկուն բնակիչ Ֆեւզի Եըլտըրըմը շեշտած է, որ հիւրերը յատկապէս կը հիանան կղզիի վանական համալիրի գեղեցկութեամբ:

Կղզիին մէջ կանգուն է Կտուց անապատի համալիրը, որ, ըստ աւանդութեան, հիմնադրած է Գրիգոր Լուսաւորիչը:

Յայտնի է, որ մինչեւ 20րդ դարու սկիզբ այստեղ գործած են հիւրանոցներ ու օթեւաններ, որոնք կը կոչուէին «Դրսի տունք» եւ կառուցուած էին լճափին: Կղզին, սակայն, ամայացած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք: