Վանի Հայկական Գերեզմանոցը Կը Սրբապղծուի


“Էրմէնի Հապեր”․- Վան նահանգին մէջ հայկական գերեզմանոց մը եւս պղծուած է: Արդարեւ, Վանի Արտամէտ (Էտրեմիթ) շրջանի քաղաքապետարանի հոգաբարձուին յանձնարարութեամբ՝ հասարակական լողափին կից գտնուող պատմական բլուրին եւ հայկական գերեզմանոցին վրայ արտաքնոց եւ հանդերձարաններ կառուցուած են: Լողափին բացումը տեղի ունեցած է Յուլիս 23ին, նահանգապետարանի նորանշանակ հոգաբարձուին եւ Արտամէտի հոգաբարձուին մասնակցութեամբ:

Թրքական «Պիրկիւն» թերթը նշած է, որ տարածքը հայկական թաղամաս մըն էր, որ յայտնի է իբրեւ աշխարհահռչակ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայրը (Խորգոմ): Թաղամասին կից գտնուող հայկական գերեզմանատունը այսօր անարգուած է եւ հոն կատարուած շինարարութեանց պատճառով բազմաթիւ մարդկային ոսկորներ դուրս եկած են, այս ու այն կողմ շպրտուած:

Նշենք, որ 1984ին այդ շրջանին մէջ կատարուած պեղումներէն ի յայտ եկած է, թէ այդ բլուրը մարդկութեան համար որպէս բնակատեղի ծառայած է Ք․ա․ 3րդ հազարամեակէն ի վեր։

Պեղումներուն ընթացքին, շրջանին մէջ յայտնաբերուած էին ուրարտական ժամանակաշրջանին պատկանող հնութիւններ եւ մարդկային գանկեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ գանկի վրայ «պատուհան բանալ»ու առաջին վիրահատութիւնները հո՛ն կատարուած են: