Վանի Մէջ Լքուած Հայկական Եկեղեցիին Կը Փորձեն Տէր Կանգնիլ Գիւղի Բնակիչները


«Ակունք»․- Վանի Պահչեսարայ գաւառին մէջ` կեդրոնէն 7 քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ալիաղայ գիւղին մէջ լիովին աւերակ դառնալու վտանգի տակ եղող Ալիաղայ գիւղի եկեղեցին պահպանութեան տակ առնուած է տեղի բնակիչներուն կողմէ:

Գիւղացիները միեւնոյն ժամանակ «գիւղական հիւրանոցի» վերածած են դատարկ մնացած տուն մը (ամենայն հաւանակնութեամբ` հայկական), սակայն այցելուներէն ոչ մէկ գումար կը վերցնեն` այնտեղ հիւրընկալուելու համար: Այդ հողէ տունը պահպանելու համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցները կը ձեռնարկուին տեղի բնակիչներուն կողմէ: Ալիաղայի գիւղացիները կը ցանկան, որ հայկական եկեղեցի այցելեն յատկապէս հայերը:

«Մեզոփոթամիա» գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ 7 տուն բնակչութիւն ունեցող սոյն գիւղի հիւրատան մաքրութեան գործը եւս տեղացիները ստանձնած են: «Հիւրանոց» անուանուող այդ հողէ տունը բաղկացած է 2 սենեակէ, հիւրասրահէ, խոհանոցէ եւ լոգասենեակէ:

Գիւղի իմամ Մեհմեթ Վեֆան գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ հիւրանոցէն մօտ 10 մեթր հեռու գտնուող Ալիաղայ գիւղի եկեղեցին շատոնցէ այցելուներ չէ ունեցած: Ըստ իմամին` եկեղեցին կը գտնուի լիովին ոչնչանալու եզրին: Ան նաեւ պահանջած է, որ իրաւասուները շուտ սկսին զբաղիլ եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքներով: Իմամը ընդգծելով, թէ իրենց համար հաւատքը շատ մեծ նշանակութիւն ունի, նշած է. «Մենք կը ցանկանք, որ հայերը գան, այցելեն իրենց պաշտամունքի վայրերը: Եթէ գան, կրնան անվճար մնալ այս հիւրատան մէջ»:

Աղբիւրը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Ալիաղայ գիւղի` տուեալ շրջանի ամենաբարձր տեղը գտնուելու պատճառով գիւղ հասնիլը բաւական դժուար է, եւ որ գաւառի կեդրոնէն մեքենայով գիւղ կարելի է հասնիլ միայն Երկուշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն, իսկ ոտքով երթալու պարագային 2 ժամ կը տեւէ: