Վատիկանի Մէջ Հանդիսաւորութեամբ Բացուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Արձանը


“Ռատիօ Վատիկան”․- Վատիկանի մէջ այսօր տեղի ունեցաւ «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութիւնը՝ ներկայութեամբ  Հռոմի պապ Ֆրանսիսի, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Կոթողիկոս Գարեգին Բ․ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Հայ եւ Լատին եկեղեցւոյ պատկան բարձրաստիճան եկեղեցականներու։

Սրբազան Քահանայապետին ժամանումը ողջունուեցաւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ժառանգաւորներու հնչեցուցած «Թարգմանչաց» շարականով, ապա տեղի ունեցաւ աւետարանական ընթերցում քաղուած Յովհաննէս  աւետարանիչէն,  ուր Յիսուս կը փոխանցէ իր սիրոյ պատուիրանը ըսելով՝ «Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» եւ աւելցնելով որ«Զկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար»։ Աւետարանէն ետք արտասանուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքէն քաղուած աղօթք մը ապա Քահանայապետը օրհնեց արձանը «Այս նշանաւ, Սուրբ Խաչիւս եւ սուրբ Աւետարանաւս եւ աւուր շնորհիւ, անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ», հուսկ տեղի ունեցաւ արձանի  քօղազերծումը ձեռամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան Տիար Միքայէլ Մինասեանի։

Արարողութիւն շարունակուեցաւ Արամ Ա Վեհափառի պաղատանքի աղօթքով, որուն յաջորդեց Գրիգոր Պետրոս Ի աղօթքը, հուսկ Գարեգին Բ Կաթողիկոսին աղօթքը ու Տէրունական աղօթքէն ետք Ֆրանսիս Պապ հայ եկեղեցւոյ երեք հովուապետերու հետ միասին առաքելական օրհնութեամբ աւարտեց արարողութիւնը։

Շուրջ երկու մեթր բարձրութեամբ պրոնզէ արձանին հեղինակը քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին է։ Արձանը պատրաստուած է Չեխիոյ Հանրապետութեան ձուլարաններէն մէկուն մէջ՝ շնորհիւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեանի եւ Արթուր Ջանիբեկեանի նիւթական աջակցութեան։ Ձուլուած է արձանի երկու օրինակ, որոնցմէ մէկը Վատիկանի պարտէզին, իսկ միւսը՝ Էջմիածինի վեհարանին համար։

Վատիկանի պարտէզին մէջ արձանի հանդիսաւոր բացումէն ետք տեղի ունեցաւ ընդհանրական արարողութիւն` Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիս Պապի, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի մասնակցութեամբ:

Ապա, երկու Վեհափառ Հայրապետները իրենց պատուիրակութեան անդամներուն հետ ճաշի հիւրը եղան Պապին, իսկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցան ի պատիւ նախագահին Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանին կազմակերպած ճաշկերոյթին։

Նախագահ Սարգսեան այցելեց Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն, ուր տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն․ դեսպան Միքայէլ Մինասեան պարգեւատրուեցաւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2րդ աստիճանի մետալով, դեսպանութեան գրասենեակի վարիչ Մարիամ Երեմեան պարգեւատրուեցաւ Երախտագիտութեան մետալով, բարերար Սմբատ Կարապետեան՝ Մխիթար Հերացիի մետալով, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար Իտալիոյ Հանրապետութեան Ծերակոյտի անդամ Ալտօ տի Պիաջօն՝  Մխիթար Գօշի մետալով: