Վարագավանքը` Աւերման Վտանգի Տակ


“Ակունք”, «Վան Փոսթասը»,- Վանի կարեւոր պատմական արժէքներէն մէկը համարուող Վարագավանքը պահպանութեան տակ չէ առնուած, որուն պատճառով վանքի կանգուն մնացած հատուածներն ալ աւերման վտանգի տակ կը գտնուին: 

8-11-րդ դարերուն կառուցուած պատմական Վարագավանքը կը գտնուի Վարագայ լերան փէշերուն: Ժամանակի ընթացքին քանդուող պատմական եկեղեցւոյ գմբէթը 2011-ի երկրաշարժի պատճառով քանդուած էր:

Յօդուածին մէջ մասնաւորապէս կ՛ըսուի․«Երբ զբօսաշրջիկները կը նային պատմական եկեղեցւոյ հին նկարներն ու զայն կը համեմատեն իրենց հանդիպած տեսարանին հետ, կը ցնցուին:  Հատ ու կենտ կանգուն պատերու մնացորդներէն բացի այլ կանգուն հատուած չէ մնացած: Պատմական կառոյցին մէջ մզկիթի ու մզկիթի զուգարանի մը գոյութիւնը զարմանք կ՛առաջացնէ զբօսաշրջիկներուն կողմէ: Կանգուն մնացած հատուածներու բանալիները գիւղի իմամին մօտ են, իսկ այն պնդումները, որ պատմական կառոյցին պատկանող քարերը, գիւղացիները կ՛օգտագործեն տուներու ու պարտէզներու կառուցման մէջ, ցոյց կու տան եկեղեցւոյ ամենաթող վիճակը: Այցելուներն ալ իրենց հերթին կ՛ըսեն, որ եթէ եկեղեցին իր նախկին տեսքը պահպանէր, գիւղի ու շրջակայքի ճակատագիրը կրնար փոխուիլ»:

Ըստ յօդուածագիրին, նախորդ տարիներուն օրակարգի վրայ էր եկեղեցւոյ վերանորոգման նախագիծը եւ անոր մէջ կառուցուած մզկիթը քանդելու, մէկ այլ յարմար վայրի մէջ նորը կառուցելու նախագիծը, սակայն այդ ուղղութեամբ մինչեւ այսօր որեւէ յստակ քայլ չէ առնուած, սպասում ալ չկայ, որ կը կատարուի:

Պատրաստեց Անի Մելքոնեանը