Վարուժան Լափոյեան եւ Յակոբ Ճանպազեան Պարգեւատրուեցան Սարդարապատի Հերոսամարտի 100-ամեակի Կրծքանշանով


Թորոնթոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան պարգեւատրման պահուն, Սարդարապատ, 26 Յունիս 2019:

Յունիս 26-ին, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան թանգարանին կողմէ շնորհակալագրի եւ յուշամետալի արժանացան Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան, որուն բարերարութեամբ Սարդարապատի յուշահամալիրի տարածքին մէջ կառուցուեցաւ Արամ Մանուկեանի 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողը եւ Թորոնթոյի հայ համայնքի ղեկավար Յակոբ Ճանպազեանը, որուն կը պատկանի յուշակոթողի ստեղծման նախաձեռնութիւնն ու գաղափարը:

Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին Հայոց ազգագրութեան թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակեսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վարուժան Լափոյանին՝ որպէս յուշարձանի բարերարի եւ Յակոբ Ճանպազեանին՝ որպէս մտայղացման իրականացնողի։ «Արամ Մանուկեանը մեզի վերադարձուց մեր 500-ամեայ երազը՝ ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Դուք մեզի՝ բոլորիս վերադարձուցիք Արամ Մանուկեանը 100-ամեայ հեռաւորութենէն ներկայ գտնուելու այստեղ՝ իր ներկայութեամբ զարդարելու այս յուշահամալիրը։ Ուրախ եմ եւ հպարտ, որ ինծի բախտ վիճակուեցաւ ձեր միջոցով իրականութիւն դարձնելու այս մտայղացումը։ Հպարտ եմ նաեւ, որ իմ տնօրինութեան օրօք կրցանք այս ծրագիրը իրականացնել։ Կը մաղթեմ ձեզի երկար կեանք, յաջողութիւն ձեր բարեսիրական գործունէութեան մէջ», ըսաւ թանգարանի տնօրէնը։

Այնուհետեւ ան Վարուժան Լափոյեանն ու Յակոբ Ճանպազեանը պարգեւատրեց Սարդարապատի Հերոսամարտի 100-ամեակի կրծքանշանով եւ շնորհակալագիրով։

Ինչպէս նաեւ պր․ Լափոյեանին յանձնուեցաւ Սարդարապատի ազգագրական թանգարանի բակեկամի կրծքանշան եւ պատուոգիր։

Պր․ Լափոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ առիթ ունեցած է մասնակից ըլլալու այս յուշակոթողի իրականացման ծրագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որոնք քաջալերեցին այս ծրագիրը։

Յակոբ Ճանպազեան իր հերթին երախտիքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց թանգարանի տնօրէնին եւ բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ Արամ Մանուկեանի յոշակոթողի իրականացումը։

Թորոնթոյի հայ համայնքի ղեկավար Յակոբ Ճանպազեան՝ պարգեւատրութեան պահուն։