Վարչապետի Լիազօրութիւնները Պիտի Կատարէ Փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանը


Այսօր տեղի ունեցաւ կառավարութեան արտահերթ նիստ, որ վարեց առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանը:

Արտահերթ նիստի ընթացքին` համաձայն «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7րդ յօդուածի 14րդ մասի եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը` փաստեց վարչապետի կողմէ իր լիազօրութիւններու կատարման անհնարինութիւնը:

Ըստ «Վարչապետի բացակայութեան եւ լիազօրութիւններու կատարման անհնարինութեան պարագային վարչապետին փոխարինելու կարգը սահմանելու մասին»  օրէնքին ` վարչապետի լիազօրութիւններու կատարման անհնարինութեան պարագային վարչապետին կը փոխարինէ առաջին փոխվարչապետը:

Յիշեցնենք` երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ անոր հրաժարականը պահանջող ցուցարարները առաջնորդող ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Անիկա տեւեց քանի մը վայրկեան, բանակցութիւնները տապալեցան:

Հանդիպումէն ետք Փաշինեան իր կողմնակիցներուն կոչ ուղղեց կրկնակի թափով շարունակել քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւնները, որմէ ետք ազգային ժողովի պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանը, Սասուն Միքայէլեանը եւ Արարատ Միրզոյեանը ձերբակալուեցան: Հակառակ առաջնորդներու մեկուսացման, ցոյցերը եւ բողոքի գործողութիւնները շարունակուեցան ամբողջ օրուան ընթացքին:

Ձերբակալուած պատգամաւորներուն հետ գիշերը հանդիպեցաւ ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը։ Այսօր պատգամաւորներուն վերաբերեալ միջնորդութիւնը Ազգային ժողովէն ետ վերցնելու հարցով գլխաւոր դատախազին դիմեց եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպեցաւ առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանը, որմէ ետք երեք պատգամաւորները ազատ արձակուեցան եւ միացան ցուցարարներուն, իսկ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը հրաժարական տուաւ: