Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած է ՀՅԴ Ներկայացուցիչներու Հետ


Հոկտեմբեր 11ին տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանի, Սպարտակ Սէյրանեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի հանդիպումը: Քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, յառաջիկայ զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկայ օրերուն շարունակելու հանդիպումները:

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակ

12.10.2018