Վարչապետ Փաշինեան եւ ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Քննարկած են Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Քաղաքական Իրավիճակին Վերաբերող Հարցեր


Հոկտեմբեր 16ին տեղի ունեցած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ընդունած է ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը, խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը՝ քննարկելու երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան, մասնաւորապէս, նշած է. «Արդէն քննարկումներու նոր փուլն է եւ ուրախ եմ այս առիթին համար: Շատ կարեւոր կը համարեմ այս երկխօսութիւնը եւ կ՛ուզեմ ըսել, որ բարձր կը գնահատեմ ՀՅԴի գործունէութիւնն ու դերը մեր ժամանակակից քաղաքական կեանքին մէջ: Յոյս ունիմ, որ մեր խօսակցութիւնները, քաղաքական գործընթացները եւ քաղաքական իրավիճակը պիտի ընթանան համագործակցութեան շարունակութեան տրամաբանութեամբ եւ, ի հարկէ, մենք պատրաստ ենք ընելու ամէն ինչ ատոր համար: Համոզուած եմ, որ նաեւ ձեր ընկալումն ալ այդպիսին է: Մենք քաղաքական այս իրավիճակին մէջ պէտք է մշտական երկխօսութեան մէջ ըլլանք, քննարկենք խնդիրները: Ես չեմ ուզեր ըսել, որ մենք յոյս ունինք, որ խնդիրներ չենք ունենար, ատիկա ընդհանրապէս լաւ վարչաձեւ չէ որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ, ուղղակի պէտք է յուսալ, որ բոլոր խնդիրները հնարաւոր պիտի ըլլայ քննարկել փաստարկներու, երկխօսութեան եւ քաղաքական իրավիճակի հաշուառման եւ երկրի պետական ու ազգային շահերու, ժողովուրդի շահերու տրամաբանութեան տեսանկիւնէ: Ուրախ եմ այս հանդիպման համար եւ շնորհակալ եմ նաեւ ձեր պատրաստակամութեան համար»։

Իր հերթին, Արմէն Ռուստամեան ըսած է. «Մենք եւս շնորհակալ ենք պարոն վարչապետ, բնականաբար, Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ անկախ անկէ, թէ ինչպիսի զարգացումներ տեղի կ՛ունենան ներքաղաքական առումով, մենք յստակ ունինք մեր գաղափարներն ու քաղաքական դիրքորոշումները, որոնք անփոփոխ պիտի մնան: Մենք վստահ ենք, որ ի շահ մեր երկրի առջեւ կանգնած թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին մարտահրաւէրներու լուծման, անկախ յետագայ որեւէ դասաւորումէ` մենք միեւնոյն է պէտք է շարունակենք իրարու հետ համագործակցիլ ի շահ մեր երկրի, մեր պետութեան: Այդ առումով, Դաշնակցութեան լիարժէք աջակցութիւնը միշտ եղած է եւ պիտի ըլլայ: Իսկապէս, շատ կարեւոր է, որ այս փուլին մենք կարենանք բոլոր խնդիրները լուծել փոխադարձ յարգանքով, իրարու տեսակէտները լսելով, համադրելով, որովհետեւ առողջ համագործակցութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ որոշ հարցերու հետ կապուած քննարկումներ, ինչու ոչ` բանավէճեր: Վստահ եմ, որ արդիւնքով կրնանք յանգիլ ընդհանուր յայտարարի, որովհետեւ մեր նպատակը իսկապէս նոյնն է: Մենք այս նոր իրադարձութիւններոին սկիզբէն, յեղափոխութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, շատ մեծ արժեւորում տուած ենք եւ իսկապէս կը համարենք, որ յեղափոխութիւնը ունի փուլեր, որոնք պէտք է անցնին: Մեզի համար մերժման փուլը նոյնպէս շատ կարեւոր էր, որ կ՛ենթադրէր մերժել անցեալի բոլոր բացթողումները, սխալները: Պէտք է կարենալ վերադասաւորուիլ եւ անցնիլ արագ կառուցման եւ այդտեղ մեր ամբողջական աջակցութեան վրայ Դուք կրնաք միշտ յոյս ունենալ»: