Վեհանոյշ Թեքեանի 50ամեայ Գրական Վաստակին Նուիրուած Երեկոյ՝ Թորոնթոյի Մէջ


Վեհանուշ Թեքեան Համազգայինի կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ, Սեպտեմբեր 30ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգային Թատերասրահէն ներս:

Յարութիւն Դերձակեան


Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին՝ Հայ Երիտասարդական  Կեդրոնի ՙՀամազգային՚ թատերասրահին մէջ յոբելենական հանդիսութիւն կազմակերպուած էր բանաստեղծ, արձակագիր եւ հրապարակագիր Վեհանոյշ Թեքեանի գրական 50ամեայ գործունէութեան առիթով։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար Վարագ Պապեան,,որ յայտնեց՝ թէ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90ամեակին առիթով կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներուն գլխաւոր նպատակը եղած է պահպանել եւ զարգացնել ազգային մշակոյթի արժէքները եւ պայքարիլ այլասերման դէմ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ։ Հետեւաբար  90ամեակի առիթով մեծ պատիւ ու հպարտութիւն է յիշել Վեհանոյշ Թեքեանի գրական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը։

Վեհանոյշ Թեքեանի անձին ու գրական վաստակին մասին մերթ ընթ մերթ ընթերցումներ կատարեցին Արտա Տէր Յակոբեան եւ Արմինէ Թորիկեան։

ՀՕՄի Վարժարանէն աշակերտներ Թեքեանի բանաստեղծութիւններէն ընթերցումներ կը կատարեն:

Յոբելեար Թեքեանի ՙՀայ Մշակոյթ՚ բանաստեղծութենէն մասեր կարդացին ՀՕՄի ամենօրեայ վարժարանի, Լափոյեան երկրորդական բաժնի աշակերտներէն Զարեհ Մարգարեան, Անի Խաչատրեան եւ Հայկ Յարութիւնեան։ ՙԻմ  երկիրս տխուր է՚ կտորէն մաս մը կարդաց Արիս Չուլճեան։ Ինչպէս նաեւ Յոբելեարի ՙՊիտի երկիր երթանք, տղաս՚ կտորէն ընթերցեց Լոռի Պէրպէրեան։ Ընթերցումներուն ջութակով ընկերակցեցաւ Աննա Մարիա Մուպայէտ։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ սոփրանօ Սօնա Յովսէփեան իր հրապուրիչ ձայնով գեղեցկօրէն յաջորդաբար մեկնաբանեց՝ խօսք Արամայիս Սահակեանի, երաժտութիւն Առնօ Բաբաջանեանի, մշակում Սերուժ Գրաճեանի ՙՉքնաղ երազ՚ եւ խօսք Սիլվա Կապուտիկեանի  երաժշտութիւն Վ․ Կոտոյեանի ՙԻմ երազ՚ կտորները։ Այս երգերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Թալին Գըլըպոզեան եւ ջութակի ընկերակցութեամբ Յովհաննէս Մուպայէտ։

Համազգայինի ՙԷրեբունի՚ պարախումբի բեմադրիչ եւ պարուսոյց Արեւիկ Մարտիրոսեանի մականին տակ, շնորհալի եւ օժտեալ պարմանուհիներ Վանի Եագուպեան, Լանա Տէր Պետրոսեան եւ Մարիա Մանուկեան գեղեցկօրէն ներկայացուցին ՙՄախմուր աղջիկ՚ պարը։

Հեղինակ Վեհանոյշ Թեքեանի ՙԽօսող լերան պատմութիւնը՚ հատորէն ՙԱրեւմտահայերէնի վերջին ճգնաժամը՚ հատուածը ներկայացուց Տարօն Հալլաճեան, իսկ Առէն Մնացականեան հեղինակին ՙԿապոյտ Ապրիլ՚ հատորէն կարդաց ՙԿանչէ ես կու գամ՚ հատուածը։

Այնուհետեւ Վեհանոյշ Թեքեանի հետ դէմ առ դէմ զրուցեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի ատենապետուհի Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։

Վեհանոյշ Թեքեան զրոյցին սկիզբը պատմեց, թէ Լիբանանի դժուարին օրերուն գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ հոն շարունակած է իր գրական ասպարէզը, իր մղիչ  ուժը եղած է մայրը։  Թեքեան հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր որոնցմէ մի քանին 2000 տպաքանակ ունեցած են։

Տիկին Գուզուեան Յոբելեարին հարցուց, թէ այսօր մեր երիտասարդներուն ուղղեալ ի՞նչ խօսք կամ թելադրանք ունի, Վեհանոյշ Թեքեա նախ գնահատական խօսքերով շնորհաւորեց ձեռնարկին մասնակցող երիտասարդները, ուրախութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ծնողներուն, որոնք մեր մայրենին սիրելու ուղղութեամբ կը քաջալերեն իրենց զաւակները, հայկական ոգիով կը սնուցանեն զանոնք։ Մեծապէս գնահատեց նաեւ ուսուցիչները եւ պատասխանատուները։ Ան ըսաւ․ «Ամէն անձ իր մէջ օրհնածին էութիւն, գերմարդկային ոյժ մը ունի, որ միայն ի՜նք դուրս կրնայ հանել եւ այն ժամանակ ինքզինք զօրաւոր կը զգայ եւ կը սկսի շնորհք, արեւ եւ ճառագայթներ արձակել իր կեանքին մէջ։ Երիտասարդները պէտք է գիտնան ամուր պահել եւ պահպանել հայ ընտանիքը, մեր եկեղեցին, կրօնքը եւ մեր վարժարանները»։

Վեհանոյշ Թեքեան գրական մրցանակներու կողքին 2012ին պարգեւատրուած է ՙՄովսէս Խորենացի՚ շքանշանով, 1992էն ի վեր ալ անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։

Յոբելենական այս որակաւոր հանդիսութեան աւարտին Վեհանոյշ Թեքեանին նուիրուեցաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը եւ յուշատախտակ մը։ Յոբելեարը փափաքողներուն մակագրեց իր զանազան գիրքերը,ապա տեղի ունեցաւ գրական յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւն։