Վարչապետ Փաշինեան եւ Նախագահ Սարգսեան Կը Հանդիպին Գարեգին Բ.ի եւ Արամ Ա.ի Հետ


Փետրուար 22ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ եւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ հանդիպումներ ունեցան ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։

Նիկոլ Փաշինեան՝ ողջունելով հիւրերը՝ յայտնած է, որ մեր համազգային օրակարգի քննարկման շատ կարեւոր առաքելութիւն ունին:

«Մենք գիտենք մի բան. ե՛ւ մենք, ե՛ւ մեր ժողովուրդը, ե՛ւ մեր եկեղեցին, ե՛ւ մեր հոգեւոր դասը մի բանում համաձայն ենք, որ մենք չենք պարտուելու եւ պիտի յաղթենք այն մարտահրաւէրին յանդիման, որը մեր պետութեան, մեր ժողովրդի առաջ է, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան, Սփիւռքի: Համոզուած եմ, որ այսպիսի շփումը, եկեղեցու հետ մեր յարաբերութիւնները եւ շփումը, քննարկումներն այս հարցում ունեն կարեւոր եւ վճռական նշանակութիւն»,- ըսած է Փաշինեան ու շնորհակալութիւն յայտնած այցելութեան համար:

«Հայ առաքելական եկեղեցին պիտի շարունակէ նոյն նախանձախնդրութեամբ, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարողանայ միասնական ջանքերով յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, բոլոր խնդիրները, որոնք ծառացած են այսօր մեր երկրի, մեր պետութեան եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդի առջեւ: Բնականաբար, դա թէ՛ Արցախի անկախ պետականութեան ճանաչման հարցն է, թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ թէ՛ մեր երկրի կայուն, ապահով, առաջընթաց կեանքը», – իր խօսքին մէջ նշած է Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Ձեր յաջողութիւնը հայրենիքի յաջողութիւնն է, իր խօսքին մէջ ըսած է Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը:

«Իմ սպասումս է, որ ժողովուրդի սպասումները, կարիքները հանգրուանային կերպով իրագործուին: Այդ յանձնառութեամբ Դուք այս առաքելութեան լծուեցաք եւ Ձեր բոլոր հրապարակային խօսքերուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցիք, որ ժողովուրդէն կու գաք, ժողովուրդն է իշխանութիւնը, եւ ժողովուրդին սպասումներն են, որոնք պէտք է մղիչ ուժը դառնան Ձեր եւ կառավարութեան առաքելութեան»,- նշած է Արամ Ա:

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նոյնպէս հիւրընկալած է երկու կաթողիկոսները։

Ողջունելով հոգեւոր պետերը` նախագահ Սարգսեան նշած է, որ մեր եկեղեցին բազմաթիւ խնդիրներ, բազմաթիւ ծրագիրներ ունի, հսկայական ընելիք, եւ այդ ընելիքները շատ են թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Արցախի մէջ:

Նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկելու, թէ ինչով կրնայ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, որպէս հայ հաւատացեալ, աջակցիլ ու օժանդակել Հայաստանեաց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ գործունէութեան:

Գարեգին Բ․ իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ Արամ կաթողիկոսը եռօրեայ այցով Հայաստան է, եւ այս օրերուն միասնաբար եկեղեցիին յուզող բազում հարցեր, խնդիրներ ու ծրագիրներ քննարկած են:

«Մենք յստակ, վճռական կերպով հաստատեցինք, որ պէտք է շարունակենք պատմական առաքելութիւնը մեր եկեղեցու, մեր ժողովրդի կեանքում` զօրավիգ լինելով մեր հայրենի պետութեանը, նպաստելով, որ մեր երկիրը շարունակի ապահով, անվտանգ առաջընթացի մէջ իր բարօր կեանքը․․․հայոց պետութիւնը, հայոց պետականութիւնը մեր պատմութեան մեծագոյն ձեռքբերումն են, եւ մենք այսօր պատասխանատուութիւն ունենք` այդ պետականութիւնն ամուր, անվտանգ պահելու եւ այդ պետականութեան համար մեր ժողովրդի բոլոր կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները համադրելու, որպէսզի անվտանգ կարողանայ մեր երկիրն առաջ գնալ, շէնանալ, զօրանալ եւ ապահովել մեր ժողովրդի բարօր կեանքը», ըսած է Ամենայն հայոց հայրապետը:

Արամ Ա․ հայրապետ իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսած է․ «․․․Որպէս եկեղեցի, որպէս կառավարութիւն, խորհրդարան, նախագահ, վարչապետ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան շրջանակին մէջ ընելիքներ ունի, եւ մենք կոչուած ենք այդ ընելիքները կատարելու բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ, գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ:

«․․․այս հանդիպումները բոլորիս համար առիթներ են եւս մէկ անգամ տեսնելու մեր ժողովուրդի` հայրենիքի մէջ դիմագրաւած դժուարութիւնները, մարտահրաւէրները եւ միասնաբար աշխատիլ ու տեսնել, թէ ինչ կրնաք ընել մենք հայրենիքի հզօրացման համար: Հետեւաբար։ ․․․ Հայրենիքին ծառայելը առաքելութիւն է, կոչում է, եւ մենք բոլորս միասնաբար լծուած ենք զանազան շեշտադրումներով, մօտեցումներով նոյն առաքելութեան, նոյն նպատակասլաց աշխատանքին»: