Վենետիկի Սուրբ Ղազար Կղզիին Մէջ Նշուած է Մխիթարեան Միաբանութեան 300ամեակը


«Թերթ»․- Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ նշուած է հայկական մշակոյթի համաշխարհային կեդրոնի վերածուած Մխիթարեան միաբանութեան 300ամեակը. Սուրբ Ղազար եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագ մատուցուած է, որ ուղեկցուած է տուտուկի հնչիւններով` Արամ Իփեքճեանի կատարմամբ:

Պատարագին ներկայ եղած են Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Սուրբ Աթոռին մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեան, բարձրաստիճան հիւրեր աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Վենետիկի Սուրբ Մարկոսի տաճարին մէջ եւս երեկոյեան ժամերգութեամբ նշանաւորուած է մշակութային կեդրոնի երեքդարեայ ներկայութիւնը: Պատարագէն առաջ Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիա վերյիշած է Մխիթարեան միաբանութեան ամբողջ պատմութիւնը:

«Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ այսպիսի պահեր պարգեւեց ինծի, որ հնարաւորութիւն ունիմ վայելելու այս սուրբ վայրկեանները: Մխիթարեան միաբանութեան պիտի երախտապարտ ըլլանք, որ ոչ միայն պահպանեցին հայկական մշակոյթը, այլեւ օգնեցին մեր մշակոյթն ալ պահպանելու: Ու հիմա մենք հնարաւորութիւն ունինք նորէն բացայայտելու մարդու էութիւնը», ըսած է ան:

Մխիթարեան միաբանութեան` Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատուելու 300ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս նաեւ յատուկ ցուցադրութիւն տեղի ունեցած է, ուր ներկայացուած է մայրավանքի ամբողջ պատմութիւնը:

Միաբանութեան 300ամեակի առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` նշելով. «1701 թուականին, հիմնուելէն ի վեր, (1717-ին Կղեմես XI Պապը կը հաստատէ միաբանութեան կանոնադրութիւնըՄխիթարեան միաբանութիւնը անգնահատելի դեր ունեցած է հայապահպանութեան գործին մէջ, դարձած է աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի հեղինակաւոր ներկայացուցչութիւն` իր մշակութային հարուստ ժառանգութեամբ եւ հոգեւոր մթնոլորտով հրապուրելով հայ եւ օտար աշխարհահռչակ մտաւորականները: Գտնուելով Եւրոպայի սրտին մէջ` Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ մշակոյթը հաղորդակից դարձուցած է Արեւմուտքին եւ փոխադարձաբար` արեւմտեան մշակոյթը` հայոց աշխարհին»։

Նշենք, որ 1717-ին Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթար Սեբաստացին միաբանութիւն հիմնած է, որ յետոյ անոր անունով կոչուած է Մխիթարեան միաբանութիւն։

Միաբանութիւնը հրատարակած է բազմաթիւ հայագիտական-բանասիրական, կրօնական եւ գիտական աշխատութիւններ, մեծարժէք հատորներ: Սբ. Ղազարի մէջ միաբանները հիմնած են վարժարան, գրադարանի հիմքի վրայ ստեղծած մատենադարան, որու ձեռագիր ֆոնտը 5 000 միաւոր է, տպագիր ֆոնտը` 100 հազար: