Վերականգնում


Յակոբ Միքայէլեան

Հա­լէ­պի լու­րե­րը, եթէ յա­ճախ յու­սա­հա­տա­կան են, կեն­ցա­ղա­յին պայ­ման­նե­րու ան­փա­ռու­նակ վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով, միւս կող­մէ յու­սադ­րիչ են եւ ու­րա­խաց­նող, որ մեր մշա­կու­թա­յին կեան­քը բնաւ դա­դար չա­ռաւ ի հե­ճուկս հա­մա­տա­րած դժ­բախ­տու­թեանց, իսկ պա­տե­րազ­մին զոհ գա­ցած կարգ մը ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ, տա­րի­ներ ամա­յա­ցած մնա­լէ ետք, սկ­սած են երկ­րորդ կեան­քով մը ապ­րիլ, ինչ­պէս օրի­նակ Ս. Գէ­որգ եկե­ղե­ցին, Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նը, Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր եկե­ղե­ցին, Ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տու­նը:

Եթէ իս­կա­պէս սկ­սաւ Հա­լէ­պի վե­րա­կանգ­նու­մի եր­թը, բո­լորս յոյ­սով եւ հա­ւատ­քով կ՛աղօ­թենք որ անոր ըն­թաց­քը ան­խա­փան ըլ­լայ, բա­րի եւ ուղ­ղա­միտ մար­դիկ կանգ­նին գոր­ծըն­թա­ցին գլու­խը, որ պա­տե­հա­պաշտ, վատ­ո­գի ձեռ­նար­կա­տէ­րեր դարձ­եալ չմի­ջամ­տեն ու խան­գա­րեն:

Մեծ եւ ան­չա­փե­լի է երկ­րին վնա­սը, ոչ միայն նիւ­թա­կան գետ­նի վրայ, այլ` բա­րո­յա­կան, մար­դա­սի­րա­կան, հո­գեմ­տա­ւոր… Այս վեր­ջին­նե­րը շատ աւե­լի կեն­սա­կան պա­հանջք են, առանց որոնց, ամե­նաշ­քե­ղօ­րէն վե­րա­կա­ռուց­ուած քա­ղա­քը կը մնայ ան­դի­մա­գիծ ու ան­հո­գի: Մար­դիկ վե­րագտ­նե­լու են իրենց խախ­տած առող­ջու­թիւնը, մարմ­նա­պէս եւ հո­գե­պէս վե­րա­կանգ­նե­լու են իրենց կորսն­ցու­ցած վս­տա­հու­թիւնը շատ  մը բա­նե­րու նկատ­մամբ…

Մենք, որ­պէս կա­րե­ւոր մէկ օղա­կը բազ­ման­դամ հա­լէպ­եան ըն­տա­նի­քին, մեր կա­րե­լին ըրինք նպաս­տե­լու նա­եւ վե­րո­յիշ­եալ ոլորտ­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մին: Կեն­ցա­ղա­յին հար­ցե­րու լուծ­ման գծով, իմ կար­ծի­քովս, առաջ­նա­կարգ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցան մեր ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը, նոյ­նը կա­րե­լի է ըսել կր­թա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան ոլորտ­նե­րուն մա­սին ալ:  Հինգ տա­րի ամ­բողջ գա­ղու­թը մէկ մար­դու պէս ոտ­քի կանգ­նե­ցաւ ու ան­կա­րե­լին կա­րե­լի դար­ձուց, ժո­ղո­վուր­դին տա­ռա­պան­քը մեղ­մաց­նե­լու հա­մար: Գտն­ուե­ցան այն­պի­սի հմուտ կազ­մա­կեր­պիչ­ներ, զո­հա­բե­րու­թեան օրի­նակ հան­դի­սա­ցող ղե­կա­վար­ներ, որոնք ար­ժա­նի են հե­րոս կոչ­ուե­լու: Գա­ղու­թը գիտ­ցաւ մի­ա­ւոր­ուիլ, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ան­նա­խա­դէպ մթ­նո­լորտ ստեղ­ծել, յա­նուն պա­տու­հա­սին վնա­սը նուա­զա­գոյ­նի իջեց­նե­լու:

Սնա­պար­ծու­թիւն թող չն­կատ­ուի, եթէ ըսենք, որ աշ­խար­հի որե­ւէ հա­յա­գա­ղութ, Սուր­իոյ եւ մաս­նա­ւո­րա­բար Հա­լէ­պի նման կեց­ուածք չի կր­նար ու­նե­նալ, եթէ,- Աստ­ուած մի արաս­ցէ,- դժ­բախ­տու­թիւնը իր դուռն ալ թա­կէ:

Մեր ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը պե­տու­թեան մը յան­գոյն կազ­մա­կերպ­եալ աշ­խա­տանք տա­րին, նոյ­նիսկ պե­տու­թե­նէ մը աւե­լի, քա­նի  անոնց անձ­նու­րաց աշ­խա­տան­քի մղո­ղը ոչ դրա­մա­կան վար­ձատ­րու­թիւնն էր, ոչ պաշ­տօ­նա­մո­լու­թիւնը կամ փա­ռա­մո­լու­թիւնը, այլ նուի­րու­մի ու զո­հո­ղու­թեան հա­յու ներ­քին կանչն էր, խոր­տա­կու­մի եզ­րին կանգ­նած գա­ղու­թի նա­ւը նա­ւա­բե­կու­մէ փր­կե­լու հա­մար:

Դեռ վերջ­նա­կան հաշ­ուե­յար­դա­րի նս­տե­լու հա­մար գու­ցէ կա­նուխ է, եզ­րա­փա­կիչ  գնա­հա­տանք­ներ ու քն­նա­դա­տու­թիւն­ներ ընե­լու հա­մար դեռ ժա­մա­նակ պէտք է, սա­կայն այս հանգր­ուա­նին ցարդ ձեռք­բեր­ուա­ծին մա­սին չխօ­սիլն ալ սխալ պի­տի ըլ­լար: Մէկ հանգր­ուա­նը միւ­սին հա­մար խթան ըլ­լա­լու է, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ պա­տուով դի­մա­ւո­րել բաղ­ձա­լի աւար­տը տա­ռա­պա­նաց: