Վերակենդանացող Թալիշը


Արցախի հիւսիսային ուղղութեամբ սահմանամերձ Ապրիլեան պատերազմին տուժած բնակավայրը կրկին կը վերակենդանանայ:

Թալիշի մէջ վերականգնողական աշխատանքներ սկսած են: Շինարարական աշխատանքներու մեկնարկը տրուած է: Այժմ կը կառուցուի համայնքապետարանը, իր օժանդակ ենթակառոյցներով, եւ հանդիսութիւններու սրահը: Պատրաստ է նաեւ 50 բնակելի տան տեղակայման նախագիծը: Գիւղի վերականգնման առաջնահերթութիւնը տրուած է անվտանգութեան պահպանման: «Բնակարանները կը կառուցուին այնպիսի տեղամասերու մէջ, որոնք չեն դիտարկուիր թշնամիին կողմէ», կը նշէ ԼՂՀ կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ Լեւոն Ապրեսեանը: Անոնք վստահ են, որ բոլոր բնակիչները կը վերադառնան հարազատ բնօրրան: Հիմնական բնակիչները առայժմ գիւղի երիտասարդներն են:

Շինարարութեան առաջին փուլով քանդումի ու հարթեցման աշխատանքներ պիտի տարուին: Այժմ սկսած է համայնքապետարանի եւ հանդիսասրահի շինութիւնը, յառաջիկայ օրերուն ալ կը սկսի նոր դպրոցի եւ մանկապարտէզի շինարարութիւնը: Կապալառու «Եւրոստրոյ» ընկերութիւնը պատասխանատուութիւն ստանձնած է, թէ՝ նոր ուսումնական տարուան պէտք է այստեղ հնչէ դպրոցական առաջին զանգը, որ կ’ազդարարէ Թալիշի վերածնունդը: