Վերջին 10 Օրերուն Ազրպէյճանի Բանակը 8 Զինուոր Կորսնցուցած է. Վիգէն Սարգսեան


«Արմենփրես»․- Յունիս 28ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտարարած է, թէ վերջին տասը օրերուն Ազրպէյճանի զինուժը կորսնցուցած է 8 զինուոր:

«Հաստատուած տուեալներով` 10 օրուան ընթացքին ազրպէյճանական կողմը տուած է 8 զոհ: Չհաստատուած տուեալներով` զոհերուն թիւը աւելի է», նշած է նախարարը` պարզաբանելով, որ խօսքը յաջողութեամբ իրականացուած պատժիչ գործողութիւններու մասին է, սակայն ատոնց արդիւնքով եղած զոհերու մասին յստակ տուեալներ չկան:

Անոր խօսքով` զոհուած ազրպէյճանցի զինուորները չեն յուղարկաւորուած եւ ազրպէյճանական մամուլին մէջ անոնց մասին տուեալներ չկան:

Ան  յայտնած է նաեւ, որ «այս տարի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ձեռք բերած է այնքան ինքնաշարժ, որքան չէր յաջողած ձեռք բերել վերջին տասնամեակի ընթացքին»:

«Այս տարի մեծ ծրագիր իրականացուցած ենք բանակի ինքնաշարժները թարմացնելու ուղղութեամբ: Նոր մեքենաներով առաջին հերթին կը յագեցնենք առաջնագիծին սպասարկող զօրամասերը», եզրափակած է Վիգէն Սարգսեան: