Վրաստանի Համազգայինի Կազմակերպած Մտաւորականներու Հաւաքը՝ Ախալքալաքի Մէջ


Համազգայինի կազմակերպած հաւաքին ներկայ մտաւորականները եւ մշակոյթի գործիչները

ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ,- Նոյեմբեր 21-ին Ախալքալաքի մէջ, Վրաստանի Համազգայինը կազմակերպած էր հանդիպում մը Ախալքալաքի շրջանի երեք տասնեակէ աւելի մտաւորականներու` գրողներու, բանաստեղծներու, կրթութեան ու մշակոյթի ներկայացուցիչներու հետ, նպատակ ունենալով ծանօթացնել «Վրաստանի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան» գործունէութիւնն ու ծրագիրները:

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուէմօ-Քարթլիի Հայկական միութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան ողջունելով ներկաները, ներկայացուց Համազգայինի նպատակներն ու առաքելութիւնը, հիմնադրումէն`1928-էն, առ այսօր անցած ուղին։ Անդրադառնալով Ջաւախքի մէջ Համազգայինի գործունէութեան, ան տեղեկացուց, որ Միութեան Ախալքալաքի Գրասենեակը մտաւորականներու համար պիտի ըլլայ այցելութեան վայր մը, ուր անոնք համագործակցիլ՝ ի նպաստ Ջաւախքի մէջ մշակոյթային կեանքի աշխուժացման եւ զարգացնան։

Ախալքալաքի մշակոյթի տան տնօրէն Աշուղ Ալիք- Ջաւախքը իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Համազգայինի մուտքը Վրաստան` շատ ուշացած է, քանի որ Ջաւախքը ըլլալով աշուղներու, գրողներու, նկարիչներու, երգիչներու հայկական գողտրիկ աշխարհ, հայկական մշակոյթի պահպանման ու զարգացման համար բազում դժուարութիւններ ունի:

Մտաւորականները իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին Վրաստանի Համազգայինին եւ միասին աշխատելու պատրաստակամութիւն յայտնեցի եւ այս մտերմիկ հաւաքը համեմատեցին թումանեանական «Վերնատան» անդամներու հաւաքին հետ, ուր կարելի էր անկեղծ խօսիլ, խորհիլ, առաջարկել, բանավիճիլ, ծրագրել․․․

«Համազգայինի գործունէութիւնը Վրաստանի մէջ սկսած է տարիներ առաջ․ 2016-ին անոր հովանաւորութեամբ կառուցուեցաւ Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնի նոր շէնքը, որ  կը կրէ Համօ Օհանջանեանի անունը: Իսկ 2018-ին կազմակերպեց գիտաժողով` նուիրուած Վրաստանի եւ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին․․․», ըսաւ Գաբրիէլեան՝ տեղեկացնելով յաջորդ ձեռնարկին մասին:

Վրաստանի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը յառաջիկային նման հանդիպումներ պիտի կազմակերպէ Ախալցխայի, Նինոծմինդայի եւ Ծալկայի շրջաններու հայ մտաւորականներուն հետ: