«Տաշիր Կրուփ»ը Յառաջիկայ Տարիներուն Հայաստանի Մէջ 1 Միլիառ Տոլարի Ներդրում Պիտի Ընէ


«Ազատութիւն»․- Ռուսական «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը Հայաստանի ներդրողներու ակումբին եւ միջազգային ֆինանսական հիմնարկներու հետ համատեղ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարիներու ընթացքին մօտ 1 միլիառ տոլարի ներդրում կատարել Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Այդ մասին յայտարարուած է Նոյեմբեր 13ին «Ռատիսըն Պլու» հիւրանոցին մէջ «Տաշիր»ի ներդրումային ծրագրի ներկայացման ժամանակ, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Միջոցառման ժամանակ հանգամանօրէն ներկայացուած են, թէ ինչ միջոցներու հաշուին եւ ինչպէս պիտի իրականացուի վերոնշեալ ներդրումային ծրագիրը ու որքանով անիկա իրատեսական է:

Ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ «Տաշիր»ի գործընկեր միջազգային ֆինանսական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ծրագրի ներկայացման աւարտին տեղի ունեցած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն «Տաշիր» ընկերութեան, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԵՑ) ընկերութեան եւ ֆինանսական գործընկերներու միջեւ:

Յիշեցնենք, ՀԸՑը կը պատկանի ռուսաստանաբնակ միլիատատէր Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր Կրուփ»ին:

Սերժ Սարգսեան այսօր նաեւ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանին մէջ ներկայ գտնուած է աշխարհահռչակ ֆրանսական «Շնայտըր Էլեքթրիք» ընկերութեան, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբին եւ Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանի ներդրումով ստեղծուած «Կասկադ էներգօ-Տաշիր-ՀԱՊՀ» գերազանցութեան կեդրոնի բացման արարողութեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին, համալսարանի տնօրէնին, «Տաշիր»ի նախագահին, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր», ինչպէս նաեւ «Կասկադ-էներգօ» ընկերութիւններու ղեկավարներուն ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է նորաբաց նորարարական  կեդրոնին մէջ:

Նախագահը Երեւանի քաղաքապետին, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարին, այլ պաշտօնատար անձերու ու հիւրերու հետ Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ ներկայ գտնուած է «Տաշիր»ի մէկ այլ ձեռնարկի` ռուսաստանեան խոշորագոյն «Ռիօ» ցանցի մաս կազմող «Ռիօ Մոլ» առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոնի բացման արարողութեան: Ծրագրի արժէքը կը կազմէ շուրջ 40 միլիոն տոլար: Պատասխանատուներու հաւաստմամբ, «Ռիօ»ի բացումով պիտի ապահովուի շուրջ 500 նոր աշխատատեղ։