Տատիկի Խոհանոցը․ ՄԻՋԻՆՔԻ ԹՈՓԻԿ


Սոնիա Թաշճեան


Մի­ջին­քը մեր ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նա­ցոյ­ցի յի­շա­տա­կե­լի օ­րե­րէն մէկն է, որ կʼազ­դա­րա­րէ պահ­քի կէ­սը: Ան կը զու­գա­դի­պի գար­նան ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, եր­բեմն նաեւ գար­նա­նա­յին գի­շե­րա­հա­ւա­սա­րին՝ Մար­տի 22ին: Հե­տե­ւա­բար  ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կʼառն­չո­ւի բնու­թեան զար­թօն­քի եւ երկ­րա­գոր­ծու­թեան հետ: Հին հայ­կա­կան սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, այդ օ­րը տղա­մար­դիկ ա­րե­ւա­ծա­գէն ա­ռաջ  կʼայ­ցե­լեն ի­րենց ար­տերն ու պար­տէզ­նե­րը՝ ստու­գե­լու ի­րենց ցան­քի եւ ծա­ռե­րու բող­բո­ջի­լը: Ըն­տա­նիօք հան­դերձ կʼեր­թան դաշ­տե­րը բան­ջար հա­ւա­քե­լու եւ բա­ցօ­դեայ խնճոյք­նե­րով տօ­նե­լու ծլար­ձա­կու­մը ար­տե­րուն. այն իւ­րա­յա­տուկ ա­ւե­տիս է գար­նան: Պա­տա­հա­կան չէ, որ տօ­նի ծի­սա­կան ու­տեստ­նե­րէն է խա­շած հա­տի­կե­ղէ­նը, զոր կը տա­նին նաեւ հարս­նա­ցո­ւի տուն. այդ օ­րը կա­րե­ւոր է յատ­կա­պէս պահք պա­հող նշա­նո­ւած օ­րիորդ­նե­րուն հա­մար. կե­սուր – ­մայ­րի­կըˋ ըն­տա­նի­քի ազ­գա­կան ու բա­րե­կամ կա­նանց հետ մեծ շու­քով կʼայ­ցե­լէ հարս­նա­ցո­ւի տուն, տօ­նին յա­տուկ ճա­շե­րով, քաղց­րե­ղէն­նե­րով ու նո­ւէր­նե­րով:

Ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ­նե­րու շրջա­նակ­նե­րու մէջ ե­ղած է հե­տաքր­քրական ծի­սա­կան սո­վո­րութի­ւն մը. գի­շե­րը հա­ւա­քո­ւած են նշա­նո­ւած ըն­կե­րու­հիի տան մէջ, 40 հատ բակ­լա­յի հա­տիկ լե­ցու­ցած ա­նօ­թի մը մէջ, ա­պա մէկ առ մէկ հա­նե­լով ծնրադ­րած ու երկր­պա­գած են՝  կրկնե­լով. «Քառ­սուն մա­նուկ, քառ­սուն կուս(կոյս), քառ­սուն ման­կանց բա­րե­խօս». այս ա­ռի­թով գի­շե­րը կո­չո­ւած է «Քառ­սուն Ման­կունք» գի­շեր: Մոռ­ցո­ւած սո­վո­րու­թիւն է նաեւ այդ գի­շեր մո­մի կամ ձէ­թի ճրա­գը վառ պա­հել մին­չեւ ա­ռա­ւօտ:

Ծի­սա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը ե­ղած է նաեւ բա­ցել տան դուռն ու պա­տու­հան­նե­րը եւ քշե­լու շար­ժում­ներ ը­նե­լով վռնտել տան ան­կիւն­նե­րը ծո­ւա­րած ձմե­ռա­յին ո­գի­նե­րուն, կրկնե­լով. «Շվոտ (կամ փուռ­դիկ)ˋ ­դուրս, Մարտ ա­րի՜….»: Այդ օ­րը, ա­մա­նի մը մէջ, կտոր մը բամ­բա­կի վրայ կը ցա­նեն ցո­րեն, որ­պէս­զի մին­չեւ Զա­տիկ այն ծլի, փար­թա­մա­նայ եւ նո­ւի­րա­բե­րեն ար­տե­րուն:

Ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քով պատ­րաս­տած են պահ­քա­յին քաղցր հա­ցա­տե­սակ մը, զոր բաժ­նած են մա­տա­ղի նման: Այն տար­բեր ա­նուն­ներ ու­նի. –մի­ջունք, բա­ղարջ, կլոճ, տապ­լա , հա­րե­գիլ, պա­լից, ե­ւայլն…, եւ յա­ճախ նաեւ տար­բեր բա­ղադ­րիչ­ներ. դա­սա­կան տապ­լան հա­ցի խմո­րի վրայ կը խրեն ըն­կոյզ ու չա­միչ եւ փու­ռէն հա­նե­լէն ե­տք վրան մեղր կը ծո­րեց­նեն. մինչ­դեռ Պարս­կա­հայ­քի հա­յե­րու պատ­րաս­տած ՙմի­ջինք՚ ա­նու­նով եր­կա­րա­ւուն հա­ցա­տե­սա­կը կը  լցո­նեն հա­տիկ լու­բիա­յով եւ դդու­մով:

Որ­պէս գար­նա­նա­ցա­նի խորհր­դան­շա­կան ու­տեստ, Մի­ջին­քի տօ­նին կը խա­շեն տար­բեր հա­տի­կե­ղէն­ներˋ ցո­րեն, բակ­լայ, լու­բիա, սի­սեռ, ոսպ, ո­լոռն, կո­րեկ, ե­ւայլն.., եւ կը մա­տու­ցեն ա­ղով ու քա­ցա­խով. յա­ճախ նաեւ կը խա­շեն միայն ցո­րե­նի հա­տիկ ու կը մա­տու­ցեն քաղց­րովˋ­չի­րե­րով, չա­մի­չով ու ըն­կոյ­զով:

Մի­ջին­քի ա­մե­նա­տա­րա­ծո­ւած ճա­շա­տե­սա­կը թո­փիկն է. փոքր տար­բե­րու­թիւն­նե­րով ու­նի բազ­մա­թիւ տար­բե­րակ­ներ. Խար­բեր­դի մէջ այն ե­ղած է  ՙսի­սե­ռով Մի­ջին­քի կո­լո­լակ՚. Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ կո­չո­ւած «էսի­սեռ­թօփ», իսկ Տէօր­թէօ­լի մէջˋ «գո­ճա կո­լո­լակ»։ Ա­րաբ­կի­րի մէջ շատ ա­ւե­լի մեծ կը պատ­րաս­տեն ու ա­ւե­լի շատ քա­նա­կու­թեամբ, որ­պէս­զի օ­րեր շա­րու­նակ ճա­շա­կեն այդ սի­րե­լի կե­րա­կու­րը:

Թո­փիկ

Բա­ղադ­րու­թիւ­նը


խմո­րի հա­մար`

1 գա­ւաթ խա­շած գետ­նախն­ձոր

2 գա­ւաթ սի­սեռ

1 սոխ

չոր ռե­հան

կար­միր եւ սեւ պղպեղ

քի­միոն

աղ

Մի­ջու­կի հա­մար`

5 սոխ

0.5 գա­ւաթ ման­րո­ւած ըն­կոյզ

0.5 գա­ւաթ չա­միչ

0.5 գա­ւաթ խար­կո­ւած եւ ա­ղա­ցած շուշ­մայ

չոր ռե­հան

կար­միր փո­շի պղպեղ

աղ

Պատ­րաս­տու­թիւ­նը


1.- Նա­խորդ գի­շե­րո­ւը­նէ թրջել սի­սե­ռը:

2.- Մի­ջու­կի հա­մար սո­խը ման­րել, աղ ցա­նել, ձգել ջրո­տո­ւի, յե­տոյ քա­մել. ա­ւելց­նել մնա­ցեալ բա­ղադ­րիչ­նե­րը:

3.- Խմո­րի հա­մար ա­ղալ սի­սե­ռը, ա­ւել­ցը­նել շատ մանր ման­րո­ւած սո­խը, գետ­նախն­ձորն ու հա­մե­մուն­քը եւ շա­ղել, մատ­նե­րը թրջե­լով:

4.- Խմո­րէն վերց­նել ա­փի մը չա­փով, մա­տով փո­սիկ բա­նալ, լցո­նել մի­ջու­կով, գո­ցել,  ա­պա 20 x 20 սմ­-ա­նոց բամ­պա­կեայ կտո­րին մէջ դնե­լով` ծրա­րի նման կա­պել :

5.- Երբ բո­լոր թո­փիկ­նե­րը պատ­րաստ են, խա­շել ա­ղա­ջու­րի մէջ: Խա­շե­լու ըն­թաց­քին, երբ սկսին ջու­րին ե­րե­սը բարձ­րա­նալ, ու­րեմն ե­փած են:

6.- Հա­նել ջու­րէն, շա­րել փլաւ­քա­մի­չին մէջ, ձգել պա­ղի:

7.- Հա­նել կտո­րէն եւ մա­տու­ցել լի­մո­նի (կամ քա­ցա­խի, նռան հիւ­թի) ու ձի­թաիւ­ղի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: