Տատիկի Խոհանոց․ ՏՈՄԱԼԱՆ


Տոմալան

Սոնիա Թաշճեան


Պատ­մա­կան Ուր­ֆա քա­ղա­քը թէեւ կը գտնո­ւի ­Տիգ­րիս եւ Եփ­րատ գե­տե­րու ­մի­ջեւ, սա­կայն մէկ կող­մէն շրջա­պա­տո­ւած է ա­նա­պա­տա­յին բլուր­նե­րով, իսկ­ միւս­ կող­մէն՝ ար­գա­սա­բե­ր եւ ջ­րա­ռատ­ դաշ­տե­րով: Ուր­ֆան (կա­մ Ուռ­հա, Ե­դե­սիա)  ե­ղա­ծ է ­պատ­մա­կան­ կա­րե­ւոր­ կեդ­րոն ­մը, իսկ­ մե­զի­ հա­մա­ր ա­ն Աբ­գա­ր ա­ռա­ջին ք­րիս­տո­նեայ­ թա­գա­ւո­րի ­մայ­րա­քա­ղաք­ն է: Ուռ­հա ա­նու­նը ­հա­ւա­նա­բա­ր ե­կա­ծ է ­Խու­րի ­Մի­տա­նի­նե­րու ­դա­րաշր­ջա­նէ­ն եւ ­կը նշա­նա­կէ ՙքա­րայր՚։ ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դա­պա­տու­մի հա­մա­ձայն, Նո­յի սե­րուն­դէն Նեբ­րովդ (Նեմ­րութ) ա­նու­նով ա­ռաջ­նոր­դը գա­լով կար­կա­չուն աղ­բիւր­նե­րով կա­նա­չա­պատ այս դաշ­տը, բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է եօ­թը քա­րայր­նե­րու մէջ: Իսկ Ե­դե­սիա ա­նո­ւա­նու­մը կʼեն­թադ­րո­ւի որ ­կա­պո­ւա­ծ է­ Սե­լեւ­կիոս զօ­րա­վա­րի հետ. ան վե­րա­կա­ռու­ցե­լով քա­ղա­քը, իր աղջ­կայ Ե­դե­սէի ա­նու­նով կը կո­չէ զայն Ե­դե­սիա, որ մա­կե­դո­նա­ցի­նե­րու լե­զո­ւով կը նշա­նա­կէ ՙկը սի­րեմ զայն՚:

Ուր­ֆա­ցի­նե­րու ա­ւան­դա­կան խո­հա­նո­ցին մէջ յա­տուկ տե­ղ ու­նի տո­մա­լա­նով ճա­շա­տե­սակ­նե­րը: Տո­մա­լա­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րուն ­մէջ տա­րա­ծո­ւած ա­նա­պա­տա­յին գետ­նա­սուն­կի (desert truffle) տե­սակ է, որ կʼա­ճի ա­ւազ­նե­րու­ մէ­ջ ե­ւ ըստ­ բա­նա­հիւ­սու­թեան, յատ­կա­պէս՝ կայ­ծա­կի ­զար­կած­ տե­ղը: Մայրս ­կը­պատ­մէր, ո­ր ե­րե­խայ ­ժա­մա­նակ ­Հա­լէ­պի ա­ւա­զուտ­դաշ­տե­րու­ մէ­ջէն ­կը ­հա­ւա­քէին, կը ­մաք­րէի­ն եւ կ­ʼու­տէին զայն: Հե­տաքրք­րա­կա­ն է, որ ­թր­քե­րէ­նով ան կը կո­չո­ւի տո­բա­լան, պարս­կե­րէ­նով տոն­բա­լան, Ալ­ժե­րիա­յի եւ ­Թու­նի­զի մէջ՝ տեր­ֆէզ, Քո­ւէյ­թի ­մէջ ­ֆագ­գա. Ի­րա­քի մէջ­ տա­րա­ծո­ւա­ծ է ա­րա­բա­կան ­դա­սա­կա­ն ա­նու­նով՝ քեմ­մէ­ կամ ­քա­մա: Յոր­դա­նան­ցի­նե­րը ­ֆա­գահ կ­ʼը­սեն: Սէու­տա­կա­ն Ա­րա­բիա­յի մէջ ­կա­ն եր­կու ­տե­սակ­ներ.- խա­լա­սի (հաւկ­թա­ձե­ւ ու ­սեւ ­գոյ­նի) եւ զու­բա­յի­դի (քրե­մա­գոյն հա­զո­ւա­գիւտ տե­սա­կը): Աշ­խար­հի տար­բեր կող­մե­րուն ­մէջ եւս գո­յու­թիւ­ն ու­նի, ինչ­պէս օ­րի­նակ Ս­պա­նիա, Քա­նա­րեան կղզի­ներ, ե­ւայլն․․.:

Ինչ­քան ալ զար­մա­նա­լի թո­ւայ, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, հայ­կա­կան բա­ռա­րան­նե­րու մէջ գտայ տո­մա­լա­նի հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը. ՙտոմ­բա­լան՚ (ՙՀա­յոց լե­զո­ւի բար­բա­ռա­յին բա­ռա­րան՚)  եւ ՙտոմ­պա­րան կամ դոմ­բա­լայ՚ (Ստ. Մալ­խա­սեան­ցի ՙՀա­յե­րէն Բա­ցատ­րա­կան Բա­ռա­րան՚):

Ե­րո­ւանդ Լա­լա­յեա­նը իր ՙՎա­րան­դա­յի տե­ղագ­րու­թիւ­նը՚ աշ­խա­տու­թեան մէջ կը յի­շա­տա­կէ նաեւ տոմ­բա­լան սնկա­տե­սա­կը, ա­ւելցց­նե­լով, որ ան ՙգետ­նախն­ձո­րի նման է եւ միայն խո­րո­ված կա­րե­լի է ու­տել զայն՚: Նոյն յօ­դո­ւա­ծի մէջ կը յի­շո­ւի նաեւ ծմակթա­փան եւ սո­կոն (սունկ) ու­տե­լի վայ­րի բոյ­սե­րու մա­սին. (սկզբնաղ­բիւ­րը՝ Մա­կա­ր Եպսկ. Բար­խու­դա­րեան­ցիՙ Ար­ցախ՚ եր­կա­սի­րու­թիւն 1895թ.):

Ծմակ­թա­փա­նի ճա­շի մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ լսե­ցի հայ­րե­նի մտա­ւո­րա­կան եւ գրող Ար­ծո­ւի Բախ­չի­նեա­նէն. կը մէջ­բե­րե­մ իր գրա­ռու­մը. ՙԵ­րէկ վե­րա­դար­ձանք Ար­ցա­խից։ Հադ­րու­թի А.К.А. ճա­շա­րա­նում­ կե­րանք­ մի չլ­սո­ւած-չտես­նո­ւած­ հա­մա­դամ, որ ­տե­ղա­ցի­ներ­ն ա­նո­ւա­նու­մ են ՙծմակ­թա­փա­նի ­ճաշ՚։ Ափ­սոս, որ­ հում ­վի­ճա­կում չ­տե­սա­յ այդ ծ­մակ­թա­փան­ կո­չո­ւա­ծը, բայց որ­քան հաս­կա­ցայ՝ ծա­ռասն­կի տե­սակ է։ Ա­սա­ցին, որ բնու­թեան մեջ շատ քիչ է հան­դի­պում։ Ե­րե­ւի տ­րիււ­ֆէ­լի ­պէս հա­զո­ւա­գիւտ է։ Իւ­ղո­վ ու ­սո­խով տա­պկած, գե­րա­զանց հա­մով իս­կա­կան հա­մա­դամ էր, ո­ր 10 հա­զար դրա­մով վա­ճառ­քի են ու­ղար­կում Ռու­սաս­տան։ Ե­րա­նի թէ կա­րո­ղա­նան մեծ քա­նա­կով մշա­կել, դուրս բե­րել նաեւ հայ­րե­նա­կան ու մի­ջազ­գա­յին շու­կայ ու դարձ­նել հայ­կա­կան ապ­րան­քա­նիշ…՚: Իսկ լրագ­րող եւ հրա­պա­րա­կա­խօս Կա­րի­նէ Յա­րու­թիւ­նեան այս­պէս մեկ­նա­բա­նեց բա­ռը. ՙԾմակ եւ թա­փան: Այս եր­կու բա­ռե­րից ա­ռա­ջի­նը տեղն է յու­շում, որ­տեղ ա­ճում է սուն­կը՝ ծմակ, խո­տա­ծածկ տե­ղե­րում, ա­րե­ւից հե­ռու, իսկ թա­փան բա­ռը ար­տա­քին տեսքն է բնո­րո­շում. այն յի­շեց­նում է տա­ւա­րի թա­փա­նը, ո­ր ոտ­քե­րի ­հետ օգ­տա­գործ­ւում է խա­շի մէջ՚:

ՙՍո­կոն = սունկ՚ բա­ռը յա­ճախ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ հա­յե­րէ­նի բար­բառ­նե­րուն մէջ, նոյ­նիսկ ՙծը­ռա­սո­կոն = ծա­ռի սունկ՚ տե­սա­կը Ի­ջե­ւա­նի, Դի­լի­ջա­նի եւ Նո­յեմ­բե­րեա­նի ժո­ղո­վուր­դի ա­մե­նա­սի­րե­լի ու­տես­նե­րէն մէկն է:

Վե­րա­դառ­նա­լով տո­մա­լա­նին, տա­րի­ներ ա­ռաջ Յու­շա­մա­տեան կայ­քէ­ջի մէջ հրա­պա­րա­կո­ւե­ցաւ Ուր­ֆա­յի ա­ւան­դա­կան խո­հա­նո­ցի մա­սին իմ յօ­դո­ւա­ծը. տո­մա­լա­նի մա­սին քա­նի մը բա­ղադ­րա­տոմս կայ այն­տեղ, բայց եր­բեք ա­ռիթ չէի ու­նե­ցած նոյ­նիսկ­ տես­նե­լու այն: Քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ, ՖՊ­-եան հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցա­յին է­ջի մը մէջ, պա­տա­հա­բար հան­դի­պե­ցայ տո­մա­լա­նով ճա­շա­տե­սակ մը, մա­րաշ­ցի ար­մատ­նե­րով լի­բա­նա­նաբ­նակ  Տիկ. Վար­դուկ Շա­տա­րե­ւեա­նի հղու­մին­ մէջ. Ա­նոր մի­ջո­ցով նաեւ ի­մա­ցայ, որ Լի­բա­նա­նի Պուրճ Հա­մուտ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սի շու­կա­յին մէջ եր­բեմն կա­րե­լի է գտնել տո­մա­լան: Յա­կոբ քե­րայրս Պէյ­րու­թի շու­կա­նե­րուն մէջ քա­նի մը օր եր­կար փնտռե­լէն ­յե­տոյ գտաւ եւ գնեց տո­մա­լա­նը. քոյրս Լի­բա­նա­նէն Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ հե­տը բե­րաւ եւ վեր­ջա­պէս ա­ռիթ ու­նե­ցայ ծա­նօ­թա­նա­լու այն­քան հե­տաքրք­րա­կան եւ իւ­րա­յա­տուկ տո­մա­լա­նին: Այ, այս­պի­սի «ո­դի­սա­կան»:

Ուր­ֆա­յի հայտ­նի սմբու­կով եւ ա­ղա­ցած մի­սով խո­րո­վա­ծը կը պատ­րաս­տո­ւի նաեւ տո­մա­լա­նով, սմբու­կի փո­խա­րէն մաք­րո­ւած տո­մա­լան օգ­տա­գոր­ծե­լով: Ձո­ւա­ծե­ղի հա­մար խա­շել, կտրտել տո­մա­լա­նը, տապ­կել իւ­ղով, ա­պա վրան զար­նո­ւած հաւ­կիթ լեց­նել: Տա­պա­կա­յի հա­մար սո­խա­ռա­ծի հետ տապ­կել  խա­շած միս­ն ու ման­րո­ւած տո­մա­լա­նը: Տո­մա­լա­նով փլա­ւը կը պատ­րաս­տո­ւի խո­շոր ­կոր­կո­տով: Պար­զու­նակ, բայց շատ հա­մեղ են նաեւ աղ­ցան­նե­րը. ա­ռա­ջին տար­բե­րա­կի հա­մար, պար­զա­պէս բա­րակ շեր­տել, վրան ձէթ եւ աղ լեց­նել. իսկ երկ­րորդ տար­բե­րա­կին մէջ խառ­նել նաեւ ման­րած կա­նա­չի, շեր­տո­ւած սոխ եւ հա­մե­մունք:

ՙՏո­մա­լա­նով թաս խո­րո­ված՚ ա­նու­նով ճա­շա­տե­սա­կը չա­փա­զանց իւ­րա­յա­տուկ ու հա­մեղ ճա­շա­տե­սակ մըն է, ներ­կա­յա­նա­լի մա­տուց­մամբ.

Բա­ղադ­րու­թիւ­նը

0.5 քի­լօկ­րամ իւ­ղոտ ­միս

0.5 քի­լօկ­րամ տո­մա­լան (կամ այլ սնկա­տե­սակ)

2 գա­ւաթ բրինձ

կար­միր եւ սեւ պղ­պեղ

աղ

մա­ծուն եւ սխտոր

Պատ­րաս­տու­թիւ­նը

Մի­սը կտրա­տել եւ ինք­ն ի­ր իւ­ղով տապ­կել. հա­մե­մել եւ քիչ ­ջու­րով ե­փել: Խա­շել, ջրքա­մել եւ կտրա­տել տո­մա­լա­նը: Բրին­ձը ա­ղ­ջու­րին մէջ ­քիչ մը ե­փե­լէն յե­տոյ, ջրքա­մել: Յե­տոյ­ միս­ն ու տո­մա­լա­ն ի­րար խառ­նել, լեց­նել տա­պա­կին  մէջ­տե­ղը եւ ծած­կել` վրան թաս մը շրջե­լով. կող­քե­րը­ լեց­նել բրին­ձը, ծած­կել կա­փա­րի­չը եւ մար­մանդ կրա­կով շա­րու­նա­կել ե­փել: Մա­տու­ցել մա­ծուն եւ սխտո­րով:

տոմալանի աղցան

ծմակթափանի ճաշ, լուսանկարը̀ Արծուի Բախչինեանի

ծառասունկ

տոմալանով ձուածեղ

տոմալանով փուռի խորոված, լուսանկարը՝ Վարդուկ Շատարեւեանի