Տեղի Ունեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Աւանի Պաշտօնական Բացումը


«Արմենփրես»․- Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր եւ խաչմերուկ: Հոկտեմբեր 9ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ աւանի պաշտօնական բացումը:

«Հիւրընկալելով ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը` մեր մայրաքաղաքի հազարամեայ պատմութեան էջերը զարդարուեցան եւս մէկ բացառիկ եւ գեղեցիկ իրադարձութեամբ:  Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մէկ յարկի տակ կը միաւորէ աշխարհի 5 մայրցամաքներէ տասնեակ երկիրներ` իրենց մշակութային բազմազանութեամբ: Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, անդամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան ուժեղացման: Այս ամէնուն վառ ապացոյցն է «Ապրիլ եւ ստեղծել միասին» կարգախօսը եւ այս կարգախօսին տակ  կազմակերպուած գեղեցիկ աւանի գոյութիւնը: Անիկա խաչմերուկ եւ հանդիպման վայր է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու համար: Անիկա, կարծես, նուէր մը ըլլայ մեր 2800ամեայ մայրաքաղաքին, իր բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներու համար», ըսաւ Երեւանի քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Արէեան:

Ան՝ աւանը համարեց այն վայրը, ուր հնարաւոր է ողջ ֆրանսախօս աշխարհի գեղեցկութեան եւ բազմազանութեան հանդիպիլու:

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժանի անունէն աւանի բացման մասնակցեցաւ կազմակերպութեան վարիչ Ատըմ Ուան: Ան նկատեց` ունինք 6 օր ` բացայայտելու այն մշակոյթը, որ կը ներկայացնեն այստեղ բոլոր երկիրները: «Վայելցէք այն մշակութային բազմազանութիւնը, որ ձեզի կը  ներկայացուի այստեղ: Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը թոյլ կու տայ տարբեր մշակոյթներուն իրենց ողջ բազմազանութեամբ ներկայանալու` առաջին հերթին Հայաստանին: Այսօր ողջ աւանը բաց է բոլորին համար, որպէսզի միասին ծանօթանանք այն մշակոյթներուն, որոնք կը ներկայացուին այստեղ», նշեց Ատըմ Ուան:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու՝ Ուան յայտնեց, որ  թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը վայելէ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան յարգանքը:  «Յեղափոխութիւնը կը վայելէ մեր յարգանքը եւ բոլորդ կը հրաւիրեմ Հայաստան: Ես կ՛ողջունեմ հայ երիտասարդները, իսկ երիտասարդ ըսելով` նկատի ունեմ 4-104 տարեկանները»է,-ըսած է ան:

Յիշատակելով Շարլ Ազնաւուրը` Ուան մէջբերեց անոր խօսքերը. «Մենք պիտի ապրինք մեր երիտասարդութիւնը մինչեւ արբեցում»:

Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան իր հերթին նշեց` մեծ պատիւ է հիւրերը ընդունիլ Ազատութեան հրապարակի վրայ` միասին ազդարարելու Ֆրանսախօս երկիրներու աւանի բացումը: «Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը կրնայ հպարտանալ իր ընտանիքով, որ ուժեղ է իր արժէքներով, որ այն մշակոյթներու իսկական խճանկարն է: Երեւանեան գագաթնաժողովը ֆրանսախօս երկիրներու այս գրկաբաց աւանին մէջ իր դռները կը բանայ երաժիշտներու, նկարիչներու, արուեստասէրներու եւ բոլոր քաղաքացիներու առաջ, որոնք տաղաւարներու մէջ եւ նաեւ բեմէն կը ներկայացնեն իրենց ազգային մշակոյթը, աւանդոյթները: Հայաստանն ու մայրաքաղաք Երեւանը ջանք չեն խնայած հայկական աւանդական ջերմութեամբ ընդունելու մեր բազմաթիւ հիւրերը , որոնցմէ շատերը առաջին անգամ կ՛այցելեն Հայաստան:  Որքան գեղեցիկ է, որ այսօր Երեւանի մէջ հաւաքուած ենք եւ կը կիսենք մեր մշակոյթը, արժէքներն ու ժառանգութիւնը մեր բարեկամներուն հետ միասին», ընդգծեց Մնացականեան:

Աւանը պիտի գործէ Հոկտեմբեր 7-12, ժամը 12:00-20:00ը: Մուտքը ազատ է բոլորին համար: