Տիրուկին Հետ Հաճելի Վայրկեաններ․Ա՜խ, Աս Համով Ուտելիքները…


Տիրուկ

     Տիրուկ Մագարեան Կարապետեան

Կաղանդէն մէկ ամիս առաջ կշիռք կորսնցնելու որոշումները սկսած էր փայլատակել մեր` կիներուս ուղեղին մէջ: Պէտք է ծրագիր մշակէինք ու գնումներու ցանկերուն բաղադրութիւնը փոխէինք, որպէսզի մեր մարմնին մէջ տեղ գրաւած այդ հի՜ն փաունտերուն «մնաք բարի» ըսէինք ու մէկ ամիս ետք Կաղանդին ու Ծնունդին հագուելիք այդ գեղեցիկ հագուստին հանգիստ եւ սահուն մուտք ապահովէինք` մեր բարակ մէջքն ի վար: Ուստի կոնքի շուրջ մեծ տրամագիծին ելեւէջները պիտի տաշէինք ու հոսկէ-հոնկէ յայտնուած անտեղի «բլուր»ները հալեցնէինք…

-Ա՜խ, այսքան աշխատանք մէ՞կ ամսուան մէջ։

-Կ’ընե՛նք, կ’ընե՛նք։ Մենք ի՜նչ լեռներ մաշեցուցեր ենք անցեալին, հիմա այս ելեւէջներէն ու բլուրներէն պիտի վախնա՞նք։

Որոշումը առնուեցաւ։ Գնումի ցանկերուն նախկին սնունդները մութ զնտանի մէջ բանտարկեցինք ու առանց շաքարի, առանց իւղի, առանց ձէթի, առանց ճարպի, առանց քալօրիի եւ անշո՛ւշտ առանց համի սնունդները ազատ արձակեցինք։ Ամիսներ շարունակ գնումի ցանկին վրայ գտնուելու մրցումին պարտուող ու վերջին շարքերուն մնացող կանաչեղէնները յաղթելով ցանկին ամենէն վերի անկիւնը տեղաւորուեցան։ Սառնարանններուն դարանները թխմուեցան հազար տեսակի կանաչեղէններով, որոնք իրենց գոյնզգոյն տեսքով մագնիսեցին մեզ, ու մեր անօթի եւ գրեթէ պարապ ստամոքսներուն պատճառով գիշերներով անքուն պահեցին մեզ։

Գիշերուան ժամը երեքն է։ Ստամոքսիդ թռչունները իրենց բոյները քանդելով զբաղած են ու այդ անպիտան կանաչեղէնները անիծելով կը կտցահարեն ստամոքսիդ պատերը։ «Ղը՜ր, ղը՜ր» պոռացող ստամոքսդ հարուածով մը ոտքի կը հանէ քեզ ու այդ կատղած թռչունները լռեցնելու համար կամայ-ակամայ կը վազես խոհանոց։ Սառնարանին «բարի գալուստ»ի լոյսը  յաղթական փայլքով կը վառի ու կը լուսաւորէ դէպի կանաչեղէն տանող դարանները։ Գունաւոր «բարեկամներդ» կը խնդան դէմքիդ ու՝ «մեզ կե՛ր» կը կանչեն։ Յանկարծ Կաղանդի հագուելիք հագուստդ աչքիդ առջեւ կու գայ ու՝ «չըլլա՛յ, չըլլայ որ խաբուիս։ Միայն մե՛ծ գաւաթով ջուր ու դէպի անկողին, շո՛ւտ, շո՛ւտ», կը գոռայ ձայն մը ականջիդ մէջ։ Դէպի դրախտ տանող դուռը կը գոցես ու մեծ գաւաթ ջուրով ստամոքսիդ թռչունները կը խաբես։

Երկու-երեք օր ետք, կշիռքին վրայ կենալու քաջութեանդ կը յաջորդէ յաղթանակի ու գոհունակութեան ժպիտը։ Ստամոքսիդ թռչունները կը լռեն ու կ’երթան մարմինիդ ճարպերը կտցահարելու։ Երկու, չորս, վեց փաունտ կ’իջեցընես ու կը կարծես թէ աշխարհի նիհարագոյն կինն ես, յետոյ 160-ը անցնող թիւին կը նայիս ու՝ «Մինչեւ Կաղանդ տասը փաունտ ալ եթէ իջնեմ կլոր հաշիւ կ’ըլլայ ու հագուստս վրաս կը մտնէ ու հանգիստ կը խաղայ։ Այլեւս անուշեղէն, խմորեղէն, junk food եւ զովացուցիչ չկա՛յ, մոռնալ է պէտք այս անպիտանները։ Թէօպէ,եթէ անգամն ալ բերանս ասանկ բաներ դնեմ», կը բացագանչես։

Դեկտեմբեր 24-ի գիշերը եւ 25-ի ցերեկը ուշադիր կ’ըլլաս ու պզտիկ պատառներդ կը համրես, անոնց թիւը հինգ-վեցը չանցնիր, ու արիւնոտ սիրտով յաղթական դիրք մը կը բռնես եւ խոստումներուդ տէրը դառնալով հանգիստ, բայց անօթի կը քնանաս։ Նոր տարիին գիշերը այդ բոլոր խոստումները մոռցած սեղան կը նստիս ու ժամը 12-ը չհնչած կը սկսիս կամաց-կամաց համտեսել աղեղէնը, յետոյ սարման, ետքը քիւֆթէն, ապա՝ հնդկահաւը։ Է՜« միւս ուտելիքներուն մեղքը ի՞նչ է․ ի վերջոյ քու մեղքդ ի՞նչ է, որ բոլոր սեղանակիցները անհաշիւ պիտի լեցնեն իրենց պնակները եւ փորերը, իսկ դուն պիտի հաշուես քալօրիները ու «ասի կ’ըլլայ, ասի չըլլար» ըսելով դպրոցական օրերու թուաբանութեան դասերդ յիշելով գումարում ու հանում ընես։ «Ահա՛, հագուստիս մէջ մտայ, ուրեմն յարձակո՜ւմ․․․», մտածելդ ու պնակդ լեցնելդ մէկ կ’ըլլայ։ Անուշեղէններն ալ իրենց յարմար տեղը կը գտնեն ստամոքսիդ հիւրասենեակին մէջ եւ երջանկութիւն կը պարգեւեն անոնց կարօտ մնացած իւրաքանչիւր բջիջին։

Կաղանդին  յաջորդ օրը նոյնը կը կրկնուի ու ստամոքսդ Նոր Տարի «տօնելու» կը վարժուի։ Քանի մը օր ետք՝ Ծնունդին, պակաս մնացած ուտելիքներն ու քաղցրեղէնները կը հիւրնկալես։ Ալ ի՜նչ հագուստ ․ի՜նչ տաբատ։ Ո՛չ ատի վար կ’իջնէ, ո՛չ ալ միւսը վեր կ’ելլէ։ Չէ՛, չըլլայ թէ յանկած այդ խեղճ dryer-ին վրայ յանցանք նետես ու ըսես՝ «հագուստներս այս անպիտան dryer-ին մէջ ամէն չորցնելուս կը նեղնան»։ Այս խօսքերը ես ալ շա՜տ ըսի ժամանակին՝ Գանատա հասանելէս ետք ու օր մըն ալ երբ կշիռքին վրայ ելայ՝ «Ա՜խ, ա՛խ, երանի չելած ըլլայի ու չկերած ըլլայի», պոռացի։

Գիտեմ հիմա ի՞նչ պիտի ըսես։ Պիտի ըսես, որ «Քանի մը օր ալ համով բաներ ուտեմ ու Երկուշաբթի դարձեալ կը կղպեմ բերանս»։

Է՜հ, քանի երկուշաբթիներ անցան ու տակաւին խոստում տուած բերանդ չէ կղպուած։ Նոր տարի մտանք ու մէկ ամիսն ալ մեր ետին ձգեցինք։ Գոնէ ա՛յս Երկուշաբթի սկսէ՛, որովհետեւ Մեծ Զատիկին քիչ մնաց՝ հազիւ հասնիս, իսկ եթէ Մարտի վերջաւորութեան ՀՕՄի տիկնանցին հետ Քուպա պիտի ճամբորդես, ուրեմն այսօրուընէ տասը չափէ ու մէկ կլլէ՛․․․օ՜հ, շուարեցայ՝ կտրէ՛։