Լուսաւորուեցաւ Երեւանի Գլխաւոր Նոր Տօնածառը


Տօնական ճոխ արարողութեամբ լուսաւորուեցաւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի գլխաւոր նոր տօնածառի լոյսերը` ազդարարելով մայրաքաղաքի ամանորեայ ձեռնարկներու սկիզբը: Միջոցառման ներկայ գտնուեցան ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ քաղաքապետ Հայկ Մարութեան:

Յիշեցնենք, որ Երեւանի քաղաքապետարանը երկրի գլխաւոր տօնածառը տեղադրելու վրայ ծախսած է 70 միլիոն դրամ՝ մօտաւորապէս $165,000: 35 մեթր բարձրութեամբ գլխաւոր տօնածառը ունի 1500 խաղալիք եւ աւելի քան 200 քմ․ երկարութեամբ լոյսեր:

Արարողութեան յաջորդած են հրավառութիւնը եւ նախատօնական համերգը:

Լուսանկարները՝ Սիմոն Տէր-Յովհաննիսեանին