Տօնդ Շնորհաւոր՝ Հայկական Բանակ


Գէորգ Պետիկեան


Դարերով հայը երազած եւ տենչած է, իր հայրենի հողին վրայ ապրիլ ազատ եւ անկախ, ապա նաեւ՝ ունենալ պետականութիւն եւ յատկապէս՝ բանակ: Այսօր այդ դարաւոր փափաքն ու իղձը արդէն իրականութիւն է, որովհետեւ մեր երկրի խաղաղութեան եւ անոր սահմաններուն պաշտպանութեան համար կեանքի կոչուած է հայկական ազգային բանակը, որ արդէն 25 տարեկան է:

Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժե-րուն ծննդեան այս պատմական ու յիշատակելի տարեդարձը:

25 տարիներ առաջ մեր ազատ եւ անկախ հայրենքին մէջ բանակաշինութիւն տեղի ունեցաւ ու այս ձեւով մեր ժողովուրդը իր ինքնութեան գոյութիւնը կրկին անգամ երաշխաւորեց:

Յստակ է, թէ երկրի մը բանակը իւրայատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող կամ հիմնող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ:

Ուստի կը կարծեմ, որ հայկական բանակի օրուան յիշատակումը առաջին իսկ հերթին մեր երկրին խաղաղութիւնը գնահատող, եւ անոր սահմանները ապահով պահողնե-րուն երախտագիտութեամբ յիշելու օրն ու առիթն ալ է:

Որովհետեւ, մեր երկրի բանակը, մեր պատիւն ալ է: Ու կասկածէ դուրս է, որ մեր բանակը կարգապահ մարդոց տեղն ալ է, եւ որուն ծառայողը լաւատեղեակ է հայրենի հողի արժէքին ու իմաստին, իր ապրած պապերու երկրի խաղաղութեան հաստատ-ման ու անոր պաշտպանման: Ու եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը իր անդամներն են, ուստի հետեւցնելով կրնանք ըսել, թէ բանակի մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է:

Միւս կողմէ սակայն, պէտք է նաեւ աւելցնել, թէ ազգեր, պետութիւններ, ժողովուրդներ ոչ միայն իրենց երկրի խաղաղութեան, այլ նաեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած, առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրին բանակին, անոր մարդուժի քանակին եւ որակին, ու հզօրացման աշխատանքներուն: Անոր շարքերուն միշտ կարգապահու-թիւն սահմանած ու պարտադրած են: Նոր զէնքերով եւ մարդուժով զինած են զայն: Միշտ մօտէն հսկած ու ամէն գինով հոգացած են անոր ամէն տեսակի պահանջներն ու կարիքները:

Գալով մեզի, իբրեւ անկախ պետութիւն եւ պետականութիւն, ամէն տարի Յունուար 28ին, հրապարակային կերպով կը տօնախմբենք եւ պիտի տօնախմբենք մեր ազգային բանակին հիմնադրութեան թուականը: Քառորդ դար առաջ ծնած հայ մանուկը այս օրերուն ծառայած է եւ կամ տակաւին կը ծառայէ իր ազգային բանակին:

Ինչ հպարտութիւն եւ ուրախութիւն:

Վստահօրէն կրնանք ըսել, թէ ունինք զօրեղ եւ մարտունակ բանակ, որ իւրախանչիւր հայու ազգային գիտակցութիւն կը ներշնչէ:

Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ եւ մնալ:

Այսօր խոր յարգանքով կը յիշենք Արցախեան պատերազմին մեր բանակին ձեռք ձգած յաղթանակները: Աւելին՝ չենք կրնար նաեւ չյիշել տակաւին չորսօրեայ պատերազմին հայ զինուորին քաջարի ծառայութիւնը, օրինակելի գիտակցութիւնն ու խիզախութիւնը անոր օրինակելի իր մարտունակութիւնը, հայրենիքի հողի ազատութեան ի խնդիր անոր թափած սուրբ արեան նպատակը:

Այս բոլորի կողքին, նաեւ անպակաս են անոր ամէնօրեայ սխրալի առիթներն ու երեւոյթները, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն մեր բոլորին եւ վառ յոյս՝ մեր հայրենիքի փայլուն ապագայի հանդէպ:

Սփիւռքի տարածքին թէ հայրենի հողերուն վրայ ապրող կամ գոյատեւող հայեր, մեր կեանքի հեւքին հետ ալ միատեղ, միշտ մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն: Կը լսենք անոր «խնդիրներ»ն ու «բաց թողումները»: Սակայն անկեղծօրէն՝ մեր այս տողերը պարզ պաշտամունքի մը ծնունդը չեն միայն, այլ մեր բանակին հանդէպ մեր ունեցած ամուր հաւատքը, որ մեր երկիրը երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ ալ կ՛առաջնորդէ: Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ բանակը: Ոչ մէկ կասկած եւ տարակուսանք:

Ուստի անսակարկ պէտք է անոր զօրակցիլ: Միշտ արդիական դարձնել, զինել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Աջակցիլ եւ անոր ցաւերուն կարեկցիլ: Անոր կողքին կենալ: Գործնականապէս զօրավիգ կանգիլ:Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը:

Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն մեզ դարերէ ի վեր առաջնորդած են դէպի առաջ, խրոխտ յաղթանակներու եւ յաւերժական կեանքի ու յաւիտենականութեան:

Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեր բանակի անձնազոհ զինուորներով ու մարտիկներով յաղթանակներ կոթողուեցան:

Մեր ժողովուրդը, պատիւ իրեն, միշտ ալ բարձր գնահատած է հայ բանակին, հայ զինուրին եւ հայ ազատամարտիկին հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահո-գուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով եւ սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր յաջողութիւններով:

Որովհետեւ ազգովին հաւատած ենք, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը: Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ գիտակից ու սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:

Հայ ենք ու պատմութիւնը վկայ իբրեւ բանակ համայն ժողովուրդով, մեր այրուձիով, մեր մեծով ու պզտիկով միշտ կռուած ենք կեանքի, ազատութեան եւ մահուան համար:

Ուստի պարտաւոր ենք ամէն առաւօտ անոր շնորհակալութիւն յայտնել, մաղթել առողջութիւն, համբերութիւն, ուժ եւ կորով անոր բազուկին, անոր իւրաքանչիւր զարկին, եւ անոր փաթած արեան սրբազան կաթիլներուն:

Հայկական բանակն ու անոր անպարտելի մարտիկներն են որ այսօր խաղաղ երկինք կ՚ապահովեն մեր հայրենիքին: Այս բոլորը, որովհետեւ անոնց հրեղէն սրտերուն եւ ամուր կամքին մէջ սիրով կ՚ապրի Նժդեհեան ոգին:

Այսօր, նոյն այդ բանակի սեփականութեան հրճուանքն է, որ մեզ կը խանդավառէ, որովհետեւ ան է որ մեր հողին ապահովութիւնը կ՝երաշխաւորէ:

Անոր համար՝ ի սրտէ բարի մաղթանք մը մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:

Արդ, քառորդ դարու տարեդարձդ շնորհաւոր՝ հայկական հզօր եւ քաջարի բանակ ու բանակայինեեր: