Րաֆֆի Պետրոսեանի Նորատիպ Հատորին Շնորհանդէսը` Թորոնթոյի Մէջ


Րաֆֆի Պետրոսեան կը ներկայացնէ իր գիրքը Համազգայինի գրադարանէն ներս, Մարտ 31, Թորոնթօ:

Յա­րու­թիւն Դեր­ձա­կեան


Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Թո­րոն­թո­յի Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան «Գլա­ձոր» մաս­նա­ճիւ­ղին, Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին եւ Պոլ­սա­հայ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան, 31 Մարտ 2019 Կի­րա­կի յետ­մի­ջօ­րէին, Հայ Կեդ­րո­նի ՙՅա­րու­թիւն Մա­նու­կեան՚ գրա­դա­րա­նին մէջ­տե­ղի ու­նե­ցաւ ծա­նօ­թա­ցու­մը ՙTrauma and Resilience՚ անգ­լե­րէն գիր­քին, ո­րուն­ հե­ղի­նակն է ճար­տա­րա­գէտ, ե­րա­ժիշտ, յօ­դո­ւա­ծա­գիր Րաֆ­ֆի Պետ­րո­սեան։ Գիր­քը Թուր­քիոյ­ մէջ ապ­րող ծպտեալ հա­յե­րու մա­սին լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը բո­վան­դա­կէ։ Ա­նի­կա հրա­տա­րա­կո­ւած է Անգ­լիոյ մէջ գոր­ծող ՙԿո­մի­տաս Հիմ­նարկ՚ի կող­մէ, ա­ջակ­ցու­թեամբ հիմ­նար­կի տնօ­րէն՝ Ա­րա Սա­րա­ֆեա­նի։ Գրքին նա­խա­բա­նը գրո­ւած է փաս­տա­բան Ֆէթ­հի­յէ Չէ­թի­նի եւ պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չա­մի կող­մէ։

Սրա­հը լե­ցուն էր գրա­սէր­նե­րու հոծ բազ­մու­թեամբ, ո­րոնք մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան այս շա­հե­կան ձեռ­նար­կին։

Ող­ջոյ­նի ­խօս­քով հան­դէս ե­կաւ գրա­դա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Ար­շօ Զա­քա­րեան, որ ու­րա­խու­թեամբ յայտ­նեց, թէ Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան ՙՌու­բի­նա՚ մաս­նա­ճիւ­ղի 50րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով կը հիւ­րըն­կա­լեն ու կը պա­տո­ւեն Րաֆ­ֆի Պետ­րո­սեա­նը ի­րազ­գա­յին գոր­ծե­րուն հա­մար եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան զգա­ցում­ներ ար­տա­յայ­տեց գրքի հե­ղի­նակ Րաֆ­ֆի Պետ­րո­սեա­նի նկատ­մամբ, որ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մա­մու­լի մէջ ­լոյս տե­սած 63 գրու­թիւն­նե­րը հա­ւա­քած  ու ա­նոնց վրայ ա­ւելց­նե­լով 10 նոր յօ­դո­ւած­ներ, պատ­կեր­ներ եւ քար­տէս­ներ, ա­ռա­ւել ճո­խա­ցո­ւած ձե­ւով գիր­քը կը հրամց­նէր հան­րու­թեան։

Գիր­քը կը բա­ցա­յայ­տէ Թուր­քիոյ­ մէջ ապ­րող հա­յե­րը, թա­քուն հա­յե­րը, բայց մա­նա­ւանդ շուրջ հա­րիւր տա­րի­ներ յետոյ ի­րենց բու­ն ինք­նու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տող հա­յե­րը, ո­րոն­ք ի­րենց կեան­քի վեր­ջի­նօ­րե­րուն քա­ջու­թիւ­նը ու­նե­ցան ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն բա­ցատ­րե­լու ի­րենց բունկ­րօնք­նու սկզբնա­կան կեան­քը, եւ թէ ով­քե՞ր­ էին եւ ի՞նչպէս կ­՛ապ­րէին։

Գիրքին նկար­նե­րը մէկ առ մէկ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան մեծ պաս­տա­ռի մը վրայ։ Րաֆ­ֆի Պետ­րո­սեան իւ­րա­քան­չիւր նկա­րի եւ թա­քուն հա­յե­րու մա­սին ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց։ Տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ Տիգ­րա­նա­կեր­տի Սուրբ Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին, որ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ա­մե­նա­մեծ ե­կե­ղե­ցին էր, նշե­լով թէ ինչ­պէս 1915-ին զան­գա­կա­տու­նը փուլ ե­կաւ գեր­ման սպա­նե­րու ռմբա­կո­ծու­թեամբ։ Ա­ւե­րա­կի վե­րա­ծո­ւած ե­կե­ղե­ցին 2011-ին ե­կե­ղեց­ւոյ Թա­ղա­յին Խոր­հուր­դին կող­մէ վե­րա­նո­րո­գու­թեան են­թար­կո­ւե­լով, 2012-ին չորս հա­զար հո­գիի ներ­կա­յու­թեամբ վե­րօ­ծո­ւե­ցաւ ու վե­րա­բա­ցո­ւե­ցաւ ե­ւուրմ­շա­կու­թա­յին զա­նա­զան ձեռ­նար­ներ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան։ Րաֆ­ֆի Պետ­րո­սեանն էր, որ ա­ռա­ջին առ­թիւ ե­րաժշ­տա­կան հա­մերգ մը կա­տա­րեց այն­տեղ։

Այդ թո­ւա­կան­նե­րուն դէ­պի Հա­յաս­տան պտոյտ­ներ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան։ Այս պտոյտ­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Թուր­քիոյ զա­նա­զան շրջան­նե­րէն թա­քուն հա­յեր, մաս­նա­ւո­րա­բար հա­յա­խօս հա­յեր, ո­րոնց ­մէջ մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն արթն­ցաւ ի­րենց հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն նկատ­մամբ։

1915-էն հա­րիւր տա­րի­ներ յե­տոյ, թաք­նո­ւած հա­յե­րէն ո­մանք մեծ հա­մար­ձա­կու­թեամբ ո­րո­շե­ցին վե­րա­դառ­նալ ի­րենց հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն։

2015-էն վերջ­ Թու­քիոյ հա­րա­ւա­յին շրջան­նե­րուն մէջ պա­տա­հած կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին Սուրբ Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին բա­ւա­կան վնա­սո­ւե­ցաւ, բայց ներ­կա­յիս թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը յանձն ա­ռած է կրկին վե­րա­նո­րո­գել զայն։

Րաֆ­ֆի Պետ­րո­սեան այս հե­տաքրք­րա­կան գրքի ծա­նօ­թա­ցու­մի ա­ւար­տին ջեր­մա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցաւ ներ­կայ գրա­սէր­նե­րու կող­մէ։ Այ­նու­հե­տեւ ան ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նեց, որ­մէ ետք մա­կագ­րեց իր նո­րա­տիպ գիր­քը։

Կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով Լո­րիկ Գա­թըր­ճեան, Ար­շօ Զա­քա­րեան եւ Ա­րամ Իշ­նար միաս­նա­բար Րաֆ­ֆի Պետ­րո­սեա­նին գե­ղե­ցիկ յու­շա­տախ­տակ մը յանձ­նե­ցին։ Ա­ւար­տին՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։