Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի Աճիւնը Հայաստան Պիտի Փոխադրուի


«Արմէնփրէս».- Նիւ Եորքի մէջ մահացած Միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆ. Վահագն Տատրեանի աճիւնը պիտի տեղափոխուի Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը այս մասին տեղեկացնելով՝ կը գրէ.

«Հաշուի առնելով միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆեսոր Վահագն Տատրեանի անկոտրում պայքարը արդարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկուածութեան բարձրացման համար, իր մեծ գիտական ներդրումը Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան գործին մէջ՝ որոշուած է անոր աճիւնը տեղափոխել Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս ուղղութեամբ աշխատանքները արդէն իսկ կ՛իրականացուին»: