Ցեղասպանութեան Ընթացքին Բռնագրաւուած Կալուածներու Արխիւ Պիտի Կազմուի


ՓԱՍԱՏԻՆԱ, “Ասպարէզ”․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած եւ Հոկտեմբեր 7ին կայացած խորհրդաժողովի ծիրին մէջ կատարուած քննարկումներէն մէկուն ընթացքին, Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեան յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայերու բռնագրաւուած կալուածներուն առնչուող փաստաթուղթերու արխիւ մը սկսած է պատրաստուելու, ամուր հիմքի վրայ դնելու համար վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքը։

Արխիւին մէջ պիտի պահուին բռնագրաւուած եւ գողցուած բնակարաններու, այգիներու, հողատարածքներու եւ այլ կալուածներու, ինչպէս նաեւ դրամատնային հաշիւներու, ապահովագրութեանց եւ այլ հարստութեանց առնչուող փաստաթուղթեր։

Նահապետեան շեշտեց, թէ նման արխիւ մը կենսական պիտի ըլլայ հայութեան արդար հատուցում ապահովելու աշխատանքին համար՝ մեծապէս նպաստելով այս գծով Թուրքիոյ հետ կայանալիք քննարկումներուն։

«Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանի Իրաւաբանական բաժանմունքին եւ Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնին համատեղ ջանքերով կայացած այս տարուան ներկայացման ընթացքին, «Հարվըրտ» համալսարանէն ուսումնասիրող դոկտ. Ումիթ Քիւրթ մանրամասնօրէն խօսած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք Օսմանեան կայսրութենէն տեղահանուած հայերու՝ լքեալ, շարժական եւ անշարժ գոյքերուն եւ սեփականութեան օրինական վերադարձի հարցին մասին։ Քիւրթ կեդրոնացած էր յատկապէս պետական նման գողութիւններ կարելի դարձուցած Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր յաջորդած քեմալական Թուրքիոյ մէջ նոյն ոգիով հաստատուած օրէնքերուն վրայ՝ շեշտելով, որ տակաւին Թուրքիոյ պետական արխիւները, որոնք վստահաբար հարուստ տեղեկութիւններ ունին գրաւուած գոյքերուն եւ կալուածներուն մասին, գոց են իրեն նման ուսումնասիրողներու առջեւ։

Նահապետեան կոչ ըրաւ ներկաներուն եւ խորհրդաժողովին համացանցի միջոցաւ հետեւողներուն, որ նման փաստաթուղթեր տրամադրեն՝ հետեւեալ կայքէջը այցելելով.