Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կրթաթոշակի Ներկայացում Գանատայի Խորհրդարանին ՄԷջ


Ապրիլ ամիսը Գանատայի մէջ պաշտօնապէս նուիրուած է Ցեղասպանութիւններու յիշատակման, դատապարտման եւ կանխալգիլման, իսկ Ապրիլ 24ը ուղղակիօրէն` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր` ըստ 2015ի M587 օրէնքին:

Այս ծիրէն ներս, նախաձեռնութեամբ Գանատայի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ), Ապրիլ 13ին Գանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի  ունեցած է յատուկ ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած է Գանատա-Սուրբ Աթոռ (Վատիկան) եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խումբերուն կողմէ եւ ներկայացուած Քարտինալ Անճելօ Մարիա Տոլչիի յիշատակին նուիրուած ցեղասպանութեան ճանաչման հետազօտութիւններու նոր կրթաթոշակը: Սոյն դրամաշնորհը հիմնուած է Գանատայի ՀԲԸՄի կողմէ`  հիմնադրման 60րդ ամեակին առիթով:

Ընդունելութեան ժամանակ ելոյթներով հանդէս  եկած են Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խումբի նախագահ Առնոլտ Չան (կառավարող Ազատական Կուսակցութենէն), Գանատա-Սուրբ Աթոռ Խորհրդարանական Խումբի նախագահ Կառնեթ Գենուիսը (Պահպանողական) եւ ՀԲԸՄ Գանատայի շրջանի նախագահ Շահէ Թանաշեան: Բանախօսները շեշտած են մարդկային իրաւունքներու եւ ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ կանխարգելման գործի էական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած Քարտինալ Տոլչիի խիզախ օրինակին մասին (videolink): Ձեռնարկին մասնակցած են խորհրդարանականներ, գանատական մետիայի ներկայացուցիչներ եւ բարձրաստիճան հիւրեր:

Քարտինալ Տոլչիի գործունէութեան մասին միայն վերջերս յիշատակութիւններ եղան Վատիկանի արխիւներուն մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն շնորհիւ: Ըլլալով Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Պապական Պատուիրակ  1914էն 1922, ան ականատես եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան դաժան եղելութեան, փաստագրած է իրադարձութիւնները իր գործակիցներուն միջոցով եւ առաջիններէն եղած է, որ ահազանգած է այդ մասին բազմաթիւ գրութիւններով` խնդրելով Վատիկանի միջամտութիւնը:

Համալսարանական բարձր մակարդակի գիտական աշխատանքով հետաքրքրուող թեկնածուներուն այս կրթաթոշակը թոյլ կու տայ առաւել եւս խորացնել իրենց մասնագիտութիւնը ցեղասպանութիւններու պատմութեան եւ մարդկային իրաւունքներու դէմ գործադրուող ծանր ոճիրներու ճանաչման ոլորտներուն մէջ:

Այս նախաձեռնութեան մասին ՀԲԸՄ խորհուրդի անդամ եւ գանատահայ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Յակոբ Արսլանեան ըսաւ. «Աննախադէպ է, որ սոյն նախաձեռնութիւնը կը վայելէ խորհրդարանական բոլոր խմբաւորումներու աջակցութիւնը: Մենք երախտապարտ ենք մեր ներկայացուցիչներուն իրենց անվերապահ նուիրումին եւ համագործակցութեան համար: Այս եւ նմանատիպ նախաձեռնութիւններով մենք նպատակ ունինք Գանատայի մէջ խրախուսել երիտասարդ սերունդը` ուսումնասիրելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը»: