Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Պաղտատի Ազգային Վարժարանին ՄԷջ


«Հայերն Այսօր»․- Պաղտատի Ազգային Տարրական Երկսեռ Վարժարանը գրական-գեղարուեստական յայտագիրով մը նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցը: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 29ին, վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ, Հոգեւորականաց դասի, Ազգային կեդրոնական վարչութեան. Ուսումնական խորհուրդի, ուսուցչական կազմի եւ ծնողներու մասնակցութեամբ:

Աշակերտները ելոյթ ունեցան քանի մը ազգագրական երգերով, արտասանութիւններով, Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն մէջ» գիրքէն հատուածի մը ընթերցանութեամբ, Յ. Շիրազի «Ամենայն սրտով» բողոքի եւ մեր իրաւունքներն ետ բերելու համար, մինչեւ մահ պայքարելու եռանդ ներշնչող բանաստեղծութեան կատարումով:

Ուսուցչական կազմէն ոմանք օրուան պատշաճ խօսքերով ելոյթ ունեցան, իսկ փակման խօսքը կատարեց Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր՝ պարոն Ս. Գոթունեան:

Ոգեկոչման հանդիսութեան աւարտին, քաջալերական յուշանուէրներ բաժնուեցան դպրոցին մէջ վերջերս կազմակերպուած գեղագրութեան մրցոյթի լաւագոյն աշակերտներուն: