Ցուրտին Ջերմութիւնը


Լոռի Պէրպէրեան


Նոյեմբերի առաջին օրն էր: Զօրաւոր մրրիկին հարուածները աջ ու ձախ կ’օրօրէին աշնանային ծառերուն գոյնզգոյն տերեւները: Վերէն վար ծածկուած աշխատաւորներ ու աշակերտներ, հովին բուռն հրահանգները քաջաբար կը դիմադրէին: Սակայն իրենց ոտքերուն տակն ու շուրջը թափած տերեւները` հովին սաստիկ սլացքին ենթարկուելու դատապարտուած էին:

Ես ալ շտապելով կը քալէի դէպի դպրոց: Չհիւանդանալու սիրոյն, մեծ վերարկու մը հագած, գլուխս-ճակատս ծածկած` ինկած էի փողոց: Մինչեւ քիթս ծածկող վզկապիս վրայէն, սառած աչքերով, կը փորձէի հետեւիլ շուրջս բռնկող բնութեան երկու տարրերուն միջեւ պայքարին: Վերարկուիս գլխարկին փափուկ եզերքին արտօնած բացութենէն հազիւ նշմարեցի ծերունի կին մը, որ հետս կանաչ լոյսին կը սպասէր: Ծերունին ժպտաց ինծի ու ձեռքի շարժումով մը խրատեց, որ իրեն պէս բուրդէ գլխարկ մը գլխուս դնեմ: Այդ վայրկեանին, կանաչ լոյսը երեւցաւ ու ժպիտ մը երեսիս` շարունակեցի ճամբաս:

Դէպի դպրոց ճանապարհիս մօտ կէսը անցած էի, երբ զգացի, որ հովին ուժգնութիւնը պահ մը մեղմացաւ… Գլխարկս ետեւ հրեցի, որովհետեւ կարելիութիւն մը տեսայ վերջապէս գետնէն զատ այլ տեսարան մը ունենալու: Նշմարած առաջին հրաշքս` եռանդուն թռիչքի մը մէջ զուարճացող տերեւներով զարդարուած փոքր ճամբայ մըն էր, որուն քովէն կ’անցնէի:

Այդ թաղի աշնանային բնութեան գեղեցկութիւնը կը վայելէի, երբ երիտասարդուհի մը տեսայ, որ հակառակ ուղղութեամբ կը քալէր: Օտարներու անտարբերութեամբ, մեր քայլերը կը շարունակէինք, երբ յանկարծ, իր դէմքին վրայ երջանկութեան փայլքը երեւցաւ: Այդ վայրկեանին` աշնան առաջին ձիւնի փաթիլները քնքշութեա՜մբ սկսան մեր չորս կողմն ու գլխարկները ծածկել: Այդ խառնիճաղանճ վիճակին մէջ, մե՜ղմ փաթիլներուն ստեղծած երազային մթնոլորտը` ինծի հանգստութիւն ներշնչեց: Ըստ երեւոյթին, տիրող խաղաղութիւնը միայն մտքիս մէջ չէր: Այս անդրադարձայ, երբ դանդաղող քայլերուս կողքին` հովին սլացքն ալ հանդարտեցաւ: Մեր հայեացքը կարծես ուղղուած` զգալիօրէն աւելի համբերութեամբ շարունակեցինք քալել: Այսուհետեւ, ճանապարհս դարձաւ պտոյտ: Բնութեան այդ սքանչելի ողջոյնէն ետք, հիացած զբօսաշրջիկի պէս չորս կողմս կը նայէի եւ կը զմայլէի ամէնուր տարածուած հրաշալիքներով:

Գլխարկս շտկելով դպրոցի թաղը կը մտնէի, երբ նկատեցի դէպի ինձ քալող մայր ու աղջիկ մը: Անոնք նոյնպէս հիւսիսային բեւեռի բնակիչներու պէս պաշտպանուած էին ցուրտէն: Երբ իրարու մօտեցանք, մայրը ժպտաց ինծի ու մեր մէկ երկվայրկեան տեւող հանդիպման ընթացքին` ցուրտին նկատմամբ մեր հոգերը կիսեցինք: Ու շարունակեցի անսովոր ճամբաս մինչեւ հասայ դպրոց:

Այդ առաւօտ, Նոյեմբերի առաջին օրը, զգացի Գանատայի ցուրտին հրաշալի զօրութիւնը` երկրին զանազան ազգերէ բաղկացած ժողովուրդին միջեւ սառոյցի պէս յստակ նմանութիւն մը յայտնաբերելով: Տեսայ, որ օտարութեան հասկացողութիւնը վերացնելով, ցուրտը անծանօթ մարդոց իրարու ծանօթանալու առիթ կ’ընծայէ: Ցուրտը` սիրենք թէ ոչ, բնութեան հզօրութեան դիմաց, մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը կը պնդէ ու այս հիւսիսային կիսագունդի ժողովուրդին սրտերը` մշտականապէս կը ջերմացնէ: