Փաշինեանն Ու Ալիեւը Համաձայնած Են Սահմանագիծին Մէջ Լարուածութիւնը Նուազեցնելու Եւ Միջադէպերը Կանխելու Մասին


Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է սահմանագիծին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ։ Այս մասին վարչապետը ըսած է «ֆէյսպուք»ի ուղիղ եթերի ժամանակ:

«Այս անգամ որոշակի առարկայական խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ եւ անոր հիմամբ մենք քանի մը կարեւոր կէտեր արձանագրեցինք: Պայմանաւորուեցանք, որ մեր պաշտպանութեան նախարարներուն յանձնարարութիւն տանք, որ վերջիններս քայլեր ձեռնարկեն սահմանագիծին մէջ լարուածութիւնը իջեցնելու եւ սահմանային միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: Կը կարծեմ, որ ասիկա կարեւոր պայմանաւորուածութիւն է», ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Վարչապետին համաձայն, այս մասին տեղեակ պահուած է նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը: «Յանձնարարական եւ համապատասխան հրաման տուած եմ մեր զինուած ուժերուն եւ նախորդ գիշերը, կրնամ  ըսել, եղած է իմ վարչապետ ընտրուելէս ետք ամէնէն խաղաղ գիշերը», նշած է վարչապետը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ խօսակցութեան ընթացքին արձանագրուած  է նաեւ բանակցային գործընթացի նկատմամբ հաւատարմութիւնը: «Մենք պայմանաւորուած ենք գործնական կապի հաղորդակցութիւն ստեղծել, իսկ թէ անիկա ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, թեքնիք առումով պայմանաւորուածութիւն ձեռք չենք բերած», ընդգծած է ան` աւելցնելով, որ բովանդակային որեւէ քննարկում չէ եղած:

«Ես ուրախ եմ եւ յոյս ունիմ, որ  այդ պայմանաւորուածութիւնները կը պահպանուին, քանի որ  անոնց պահպանումը չափազանց կարեւոր է», ըսած է ան: