Փաշինեան Կոչ Կ՛ընէ՝ Ոգեւորութեամբ Մասնակցելու «Թելեթոն-2018» Դրամահաւաքին


 «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կոչ ըրաւ՝ ոգեւորութեամբ մասնակցելու Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն-2018» դրամահաւաքին:

«Գիտէք, որ յեղափոխութիւնից յետոյ այնտեղ տեղի են ունեցել ձեզ յայտնի գործընթացները: Մեր խնդիրներից է հիմնադրամի նկատմամբ վստահութիւնը մեծացնելը: Բոլորը համոզուած լինեն, որ մենք նախանձախնդիր ենք եւ լինելու ենք այդպիսին՝ ամէն նուիրաբերուած գումարին ծախսման արդիւնաւէտութեան առումով: Յոյս ունեմ, նուիրատուութիւնների չափը էականօրէն կը մեծանայ: Նախնական ասել են, որ Գանատայի, Ֆրանսիայի դրամահաւաքի արդիւնքներով նախորդ տարուայ ցուցանիշից էականօրէն աւելի գումար է հաւաքուել», յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:

Յիշեցնենք, որ «Թելեթոն-2018»ը, որ կը կրէ “Արարենք Միասին” կարգախօսը, տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր  22ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Թելեթոնի այս տարուան հասոյթը պիտի ուղղուի Արցախի մէջ խորքային հորերու ու կաթիլային ոռոգման համակարգերու զարգացման, Հայաստանի մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման, արեւային վահանակներու տեղադրման, բարձր արհեստագիտութեաններու start upերու համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման, երիտասարդական ստեղծարար կեդրոնի հիմնումին: