Փարիզի Մէջ Շարլ Ազնաւուրի Մանկութեան Տան Պատին Տեղադրուեցաւ Յուշատախտակ


Նիքոլա Ազնաւուր կը խօսի Շարլ Ազնաւուրի յուշատախտակի բացման արարողութեան ընթացքին։

“Արմենփրես”,- Մայիս  21-ին, Շարլ Ազնաւուրի 95-ամեակի առթիւ՝ Փարիզի քաղաքապետարանի եւ «Ազնաւուր հիմնադրամ»-ի համագործակցութեամբ Փարիզի 6-րդ շրջանի Monsieur-le-Prince 36 հասցէին մէջ բացուեցաւ մեծ արուեստագէտին յուշատախտակը:

«Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակի առթիւ․․․ յուշատախտակը բացուած է այն շէնքին առջեւ, ուր հաստատուած են Ազնաւուրեանները ու անցած է Շառլ Ազնաւուրի մանկութիւնը»,- նշուած է «Ազնաւուր Հիմնադրամ»ի յայտարարութեան մէջ:

Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ նշած է, սա իրենց յարգանքի տուրքն է հանճարեղ արուեստագէտի յիշատակին:

«Փարիզը, որ տեսած է Շարլ Ազնաւուրի ահռելի տաղանդը, իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ անոր: Ան մեր քաղաքի փոքրիկ երեխան է, որ կը սիրէ բոլորը, որ կը ժամանէ օտար երկիրներէ եւ իր հետ փոխանակելու կը բերէ իր հարստութիւնները, առատաձեռնութիւնն ու պարզութիւնը: Սա յարգանքի տուրք է, որ մենք սկսանք այս յուշատախտակի բացումով եւ կը շարունակենք այսօր երեկոյեան քաղաքապետարանի բակին մէջ տեղի ունենալիք համերգով, որ Փարիզի երկինքը պիտի դղրդացնէ այս հանճարեղ բանաստեղծի անմոռանալի երգերով»,- գրած է Իտալկօ:

Փարիզի քաղաքապետարանին յարող հրապարակին վրայ, տեղի ժամանակով ժամը 17:00-էն Ազնաւուրի տարեդարձին նուիրուած համերգին ելոյթներով հանդէս պիտի գան Փարիզի քաղաքային երգչախումբը, Անտրէ Մանուկեանը, Ժոաննա Մենտիլը, Եսայի Ալթունեանը, Ազնաւուրին նուագակցած դաշնակահար Էրիկ Պերշոն եւ այլ երաժիշտներ: