Փարիզի Քաղաքապետը Փայլանին Յանձնած է Grand Vermeil Պատուոյ Մետալը


ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Փարիզի մէջ հանդիպեցան Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամէնամեայ ընթրիքին:

Ձեռնարկին ընթացքին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ Կարօ Փայլանին յանձնեց «Կրան Վերմէյ» (Grand Vermeil) պատուոյ մետալը:

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորին ծափահարեցին ընթրիքին մասնակցող 500 անձերը:

«Ձեր կեանքը մշտական վտանգի մէջ է: Շնորհակալութիւն այն բանին համար, զոր դուք կը կատարէք: Դուք ժողովրդավարութեան հերոս էք, հերոս, որ կը պաշտպանէ մարդու իրաւունքները: Ամէն անգամ, երբ մեր կարիքը ունենաք, հայերը ձեր կողքին պիտի ըլլան, Փարիզը ձեր կողքին պիտի ըլլայ»,  յայտարարեց Անն Իտալկօ:

Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ հրէական համայնքի ներկայացուցիչներ, ֆրանսացի փաստաբան եւ պատմաբան, նացիներու յանցագործութիւնները մերկացնելու ու պատժելու գործի մարտիկ Սերժ Քլարսֆելտ կնոջ՝ Պէաթայի հետ, որ ստացած է հայ համայնքի «Խիզախութեան Համար CCAF» մետալը:

«Մենք միշտ հայ ժողովուրդի կողքին եղած ենք:Եւ մենք կը պայքարինք, որ Իսրայէլը նոյնպէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մենք նաեւ յոյս ունինք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը պիտի ընդունուի նաեւ Ֆրանսայի մէջ՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս ընդունուած է հրէայ համայնքը պաշտպանող օրէնքը», յայտարարեց Քլարսֆելտ

Նշենք, որ «Կրան Վերմէյ» պատուոյ մետալի յաւակնորդները կ՛որոշեն քաղաքապետական եւ շրջանային խորհուրդներու պատգամաւորները: «Կրան Վերմէյ»ի տուչութիւնը սկսած է 1948ին: Անիկա կը շնորհուի սեփական մասնագիտութեամբ երակարատեւ, ազնիւ եւ պտղաբեր աշխատանքի կատարողներուն: