Փոխնախագահ Փենս Կը Հեռաձայնէ Նախագահ Սարգսեանին, Իսկ Էրտողան Եւ Ալիեւ` Նորընտիր Նախագահ Թրամփին


Յարութ Սասունեան


Նոյեմբերի ընտրութիւններէն շատ չանցած, ես յօդուած մը գրած էի` առաջարկելով ամերիկահայերուն ամէն ջանք գործադրել` կապ հաստատելու համար նորընտիր նախագահ Թրամփին կամ անոր օգնականներուն հետ, մինչեւ յունուար 20ի նախագահական երդմնակալութիւնը, որմէ ետք շատ աւելի դժուար կ՛ըլլայ կապուիլ նախագահին հետ:

Ուրախ եմ յայտնելու, որ վերջերս նման յաջող կապ ստեղծուեցաւ գլխաւորաբար Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանին, եւ Կլէնտէյլի Փրայմ Հիլթ Քէյր-ի նախագահ Մայք Սարեանին համատեղ ջանքերով: Վերջինս սերտ կապեր ունի Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ:

Ասոր շնորհիւ` նորընտիր փոխնախագահ Մայք Փենս դեկտեմբեր 1ին հեռաձայնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին` շնորհակալութիւն յայտնելով` նորընտիր նախագահ Թրամփի աւելի վաղ ուղղուած անոր շնորհաւորական նամակին համար: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին, Փենս եւ Սարգսեան ընդգծած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը: «Անդրադարձ եղած է նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող օրակարգային հարցերուն, որոնց շարքին` տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին»:

Հայաստանի նախագահին պաշտօնական կայքը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է այն հանգամանքին, որ Փենս-Սարգսեան «հեռաձայնային զրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ»: Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ համապատասխանաբար նոյեմբերի 9-ին եւ 17ին կատարուած նորընտիր նախագահ Թրամփի հեռաձայնային զանգերուն` նորընտիր փոխնախագահ Փենսի հեռաձայնային զանգը Սարգսեանին համար քաղաքականապէս աւելի արժէքաւոր է… Հնարաւոր է, որ Թրամփ խնդրած է Փենսի` հեռաձայնել Սարգսեանին` Ներկայացուցիչներու տան մէջ անոր 10ամեայ պաշտօնավարման ընթացքին հայկական հարցերուն ծանօթ ըլլալուն պատճառով: Քոնկրեսական Փենս, իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու Յանձնախումբի անդամ, 2005ին քուէարկած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի օգտին, սակայն 2007 եւ 2010 թուականներուն դէմ քուէարկած է համանման բանաձեւերուն` անհանգստութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու հնարաւոր հետեւանքներու առնչութեամբ:

Էրտողանի եւ Ալիեւի միւս անբարենպաստ կացութիւնը այն էր, որ անոնց հեռաձայնները, ամենայն հաւանականութեամբ, կազմակերպուած էին միլիոնաւոր տոլարներով վարձակալուած ուաշինկթընեան` hանրային յարաբերութեանց եւ լոպիստական ընկերութիւններու միջոցով, իսկ Հայաստան ոչ մէկ լումայ ծախսած է Փենս-Սարգսեան հեռաձայնային զրոյցին համար: Այս յաջողած կապը Թրամփի նորընտիր վարչամեքենային հետ` կ՛ապացուցէ ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ ներգրաւուած ըլլալու կարեւորութիւնը, որ անհրաժեշտութեան պարագային նման կարգադրութիւններու կազմակերպումը աւելի կը դիւրացնէ:

Ասկէ զատ, Թրամփի եւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հեռաձայնային զանգերը, ներառեալ` Թայուանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի, արժանացած են ամերիկեան լրատուական միջոցներու խիստ քննադատութեան: Չինաստանի ղեկավարները հիասթափուած են, որ Թրամփ զրուցած է Թայուանի նախագահին հետ: Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ նախագահ կամ նորընտիր նախագահ նման բան ըրած էր 1979էն ի վեր` համաձայն Միացեալ Նահանգներու «Մէկ Չինաստան» քաղաքականութեան, որ Թայուանը կը ճանչնայ իբրեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մաս:

Թուրքիոյ կապուած տարաձայնութիւնը կը ներառէ Իվանքա Թրամփի մասնակցութիւնը նախագահ Էրտողանին հետ իր հօր հեռաձայնային զրոյցին, որ ոմանց կողմէ կը դիտարկուի իբրեւ շահերու բախում: Իվանքան սերտօրէն կապուած եղած է Պոլսոյ մէջ «Թրամփ թաուըրներ»ու ծրագրին` թուրք գործարար Մեհմետ Ալի Եալչինտաղի հետ: 2012ին ան ներկայ գտնուած է Պոլսոյ մէջ «Թրամփ Թաուրներ»ու բացման արարողութեան: Հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Թրամփ ըսած է Էրտողանին, որ ինք եւ Իվանքան հիացած են իրմով եւ Եալչինտաղով: Թրամփի շռայլ խօսքերը նախատեսուած էին մեղմելու աւելի վաղ անոր յայտարարած ծրագիրները` արգիլելու բոլոր մահմետական ներգաղթեալներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ: Այդ ժամանակ, իբրեւ պատասխան, Էրտողան պահանջած էր Թրամփին անունը hանել Պոլսոյ «թաուրներ»էն:

Նորընտիր նախագահ Թրամփ մէկ այլ հեռաձայնային վիճայարոյց զրոյց մը ունեցած է Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շերիֆին հետ: Յղումներ կ՛ըլլան Թրամփի կողմէ կատարուած շռայլ գովասանքներուն` Փաքիստանի, անոր ժողովուրդին եւ մշակոյթին վերաբերեալ, եւ ասոր կը յաջորդէ Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դաշնակից եւ Փաքիստանի ոխերիմ թշնամի Հնդկաստանի շատ կոշտ պատասխանը: Սակայն 2012ին Թրամփ թուիթըրեան գրառում մը կատարած է. «Լա՛ւ hասկցէք, Փաքիստանը մեր բարեկամը չէ: Մենք անոնց միլիառաւոր ու միլիառաւոր տոլարներ տուած ենք, իսկ ի՞նչ ստացած ենք. դաւաճանութիւն եւ անարգանք եւ շատ աւելի վատ բաներ: #TimeToGetTough (ժամանակն է աւելի խիստ ըլլալ)»:

Վերջապէս, ընթերցողները հաւանաբար կը յիշեն, որ իմ նախորդ յօդուածիս մէջ ես դրական գնահատած էի Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք արգելք դրած էին Փաքիստանի` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքին վրայ, ինչ որ պայմանաւորուած էր Փաքիստանի ազրպէյճանամէտ, թրքամէտ եւ հակահայաստանեան ու հակաարցախեան քաղաքականութեամբ: Թրքական լրատուական միջոցները տարածած էին իմ յօդուածս, սակայն սխալմամբ Հայաստանի կառավարութեան վերագրելով իմ չորս առաջարկները` հակազդելու Փաքիստանին ՄԱԿի, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի, Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) մէջ եւ աջակցիլ Հնդկաստանին` Փաքիստանի հետ Քաշմիրի հակամարտութեան մէջ:

Ամերիկահայերը պէտք է շարունակեն իրենց ջանքերը` մշակելու լաւ յարաբերութիւններ Թրամփի վարչամեքենային եւ Քոնկրեսի անդամներու հետ` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ուաշինկթընի մէջ անոնց մեծածախս լոպիստական ընկերութիւններու բոլոր հակահայկական փորձերուն հակազդելու համար…