Քալիֆորնիոյ Անտառային Հրդեհներու Զոհերուն Մէջ Կայ Երկու Հայ


“Արմենփրես”,- ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ սկիզբ առած անտառային հրդեհներու զոհերուն մէջ, ըստ նախնական տուեալներու, կայ երկու հայ, իսկ երրորդ մը անհետ կորածներու ցանկին մէջ է,  յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

Անոր խօսքով՝ հրդեհներուն հետեւանքով վնասուած է նաեւ հայ ընտանիքներու պատկանող 3 տուն:

Քալիֆորնիոյ իշխանութիւնները առայժմ չեն կրցած պարզել 203 մարդու ճակատագիրը՝ նահանգի հիւսիսային մասը ճարակած բնական հրդեհէն ետք:

Պիութի տարածաշրջանի ոստիկանապետ Քորի Հոնէայի տուեալներով՝ իշխանութիւնները կը կարծեն, որ նահանգին հիւսիսը մոլեգնած հրդեհին ընթացքին զոհուած Է 88 մարդ: