Քաղաքամայր Երեւանը Կը Տօնէ Հիմնադրութեան 2800ամեակը


Հայ ժողովուրդի հպարտութիւնը` Հռոմէն ալ հին Երեւանը այս տարի կը նշէ հիմնադրութեան 2800ամեակը: Աւանդոյթի համաձայն` ամէն տարի երեւանցիները` քոյր քաղաքներու եւ բարեկամ երկիրներու քաղաքներու պատուիրակութիւններու հետ մեծ շուքով կը տօնեն իրենց սիրելի քաղաքին օրը, անոր երգեր կը ձօնեն, հետաքրքրական ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:

Հոկտեմբեր 21ին` վաղ առաւօտեան հանդիսութիւնները սկիզբ առին Ստեփան Շահումեանի հրապարակէն` Երեւանեան մարաթոնով, որուն մասնակցեցաւ նաեւ նորընտիր քաղաքապետ Հայկ մարութեան։

«Էրեբունի-Երևան 2800» տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար Երեւան եկած են 10 երկիրներէ 15 պատվիրակութիւն՝հիմնականօրէն քոյր քաղաքներու քաղաքապետներ, քաղաքային իշխանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Անոնք այցելեցին  Ծիծառնակաբերդի յուշահամալիր եւյարգանքի տուրք մատուցեցիծ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

«Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս «Բազմազգ Երեւան» խորագիրով միջոցառումը կը համախմբէ ազգային փոքրամասնութիւններու կատարողները, որոնք համերգ ունեցան Անգլիական այգիին մէջ:

Կիրովի անուան մանկական զբօսայգիին մէջ տեղի ունենաւ «Արեւային Երեւան» տօնական մանկական ծրագիրը,  «Տօնական Երեւան» խորագրով փողային նուագախումբերի շքերթը, որ սկիզբ առաւ Ազատութեան հրապարակէն, փողոցներով հասաւ Հանրապետութեան հրապարակ:

Դասական երաժշտութեան սիրահարները Երևանի հիմնադրման 2800ամեակի առիթով հնարաւորութիւն ունեցան ունկնդրելու Երևանին նուիրուած շարք մը ստեղծագործութիւններ սիրուած նուագախումբերու և երգչախմբերիու կատարմամբ:

Երաժշտական տարբեր ժանրերու մէջ ստեղծագործող խումբեր ելոյթ ունեցան Հիւսիսային պողոտայի վրայ։  Տեղի ունեցան նաեւ  ազգային երգ ու պարի, ճազ, ռոք երաժշտութեան համերգային ծրագիրներ: Նորաձեւութեամբ հետաքրքրուողները հնարաւորութիւն ունեցան նորովի ընկալելու հայկական տարազը` «Ուրարտուէն մինչեւ օրս» խորագիրով ցուցադրութիւնը դիտելով:

Տօնակատարութիւններըկ՛եզրափակուի «Էրեբունի-Երեւան 2800» կալայ համերգով՝ Հանրապետութեան հրապարակի վրայ, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ գեղեցիկ հրավառութիւն:

Համաձայն տարածուած տեսակէտի` Երեւանը հիմնադրած է Վանի թագաւորութեան արքայ Արգիշտի Ա․ի․ կողմէ Ք.ա. 8րդ դարուն` էրեբունի անուամբ: Ըստ Վանի մէջ գտնուած սեպագիր տարեգրութեան` Արգիշտի Ա․ն իր ղեկավարման 5րդ տարուան մէջ կառուցեց Էրեբունի քաղաքը: 1950ին Արին-բերդ բուլրի վրայ գտնուած սալաքարի մը վրայ եղած գրութիւնը թոյլ կու տայ նոյնականացնել Էրեբունի եւ Երեւան քաղաքները: Սալաքարի վրայ գրուած է. «Խալդի աստծոյ զօրութեամբ Արգիշտին` Մենուայի որդին, այս անառիկ ամրոցը կառուցեց եւ անուանեց Էրեբունի` ի հզօրութիւն Պիայնիլի երկրի եւ ի սարսափ թշնամի երկիրներու: Հողը ամայի էր, ձեռնարկեցի այստեղ հզօր գործեր…»: Բնակավայրի տարածքին յայտնաբերուած են աւելի հին քաղաքներու ու աւաններու աւերակներ, ինչպիսին են թեշէբանին եւ Շէնգաւիթը, որոնք ունին աւելի հին թուագրում: Հնագիտական պեղումներու շնորհիւ պարզուած է, որ մարդը Երեւանի մէջ բնակած է տասնեակ հազարաւոր տարիներ առաջ: Քաղաքի տեղանուան ծագման հետ կապուած կան շատ վարկածներ: Ըստ ժողովրդական աւանդութեան` Երեւանը կը կապուի Նոյի անուան հետ.  Նոյ այդպէս կոչած է այն ցամաքը, զոր առաջինը նկատած է ջրհեղեղէն ետք:

էրեբունին Աքեմենեան շրջանին (մինչեւ Ք.ա. 330 թուական) կը դառնայ Հայաստանի հիւսիսային հատուածի վարչական կեդրոնը, Հայոց թագաւորութեան շրջանին մայրաքաղաք կը դառնան այլ քաղաքներ: Եօթներորդ դարուն Երեւանը կը գրաւեն արաբները: Քաղաքը 850ին կ՛ազատագրէ Հայոց իշխան, յետագային թագաւոր Աշոտ Բագրատունին եւ այստեղ բերդ կը կառուցէ: 14րդ դարու վերջերը թրքական ցեղերը, թափանեցելով Հայաստան, կը հիմնեն Երեւանի կուսակալութիւնը, այնուհետեւ Երեւանը կ՛անցնի պարսկական տիրապետութեան տակ՝ դառնալով Երեւանի խանութիւն: Ռուս-պարսկական պատերազմի արդիւնքով, 1828նին Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ կը ձեւաւորուի Երեւանի նահանգը: 1913ին Երեւանի բնակչութեան թիւը կ՛անցնի 35 հազարը։

Աւելի քան 400 տարի վարչաքաղաքական կեդրոն եղած Երեւանը 28 Մայիս 1918ին կը հռչակուի Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք. Երեւանի մէջ բնակութիւն կը հաստատեն հազարաւոր հայեր`  ոչ միայն Արեւելեան, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանէն: 1920ին Երեւանը կը դառնայ Խորհրդային Հայաստանի մայրաքաղաքը, ուր յաջորդ տասնամեակներուն մեծ աշխատանք կը կատարուի քաղաքի ընդլայնման, ենթակառուցուածքներու ստեղծման, արդիւնաբերական եւ այլ ոլորտներու ձեռնարկութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ: 1991 թուականին հայ ժողովուրդը կրկին կը նուաճէ անկախ ապրելու իրաւունքը, եւ Հայաստանի երկրորդ Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանը կը շարունակէ քաղաքաշինական զարգացումը:

Այժմ քաղաքամայր Էրեբունի-Երեւանը իր դիմագիծը ունեցող եւրոպական քաղաք է, ուր կ՛իշխէ հայ բազմադարեայ ճարտարապետութեան շունչը, եւ կան բազմաթիւ, տարբեր դարաշրջանները ներկայացնող պատմամշակութային յուշարձաններ եւ շէնքեր, ուր կ՛ապրին արդէն նոր Հայաստանի մէջ արարող եւ ստեղծագործող երեւանցիները: