Քանատական «Եօթնեակ»ը Եւ Բնանկարչութիւնը


ՄքՄայքըլ Թանգարանի Մուտքը

Մովսէս Ծիրանի


Իր կազմաւորումէն մօտաւորապէս դար մը ետք քանատական բնանկարչութեան փառքը համարուող «Եօթնեակ»ի արուեստը ներկայացուեցաւ Լոնտոնի «Englands Dulwich Picture Gallery»ին մէջ, «Թոմ Թոմսըն էնտ կրուփ աֆ սեւըն» ընդհանուր խորագիրին տակ: Բրիտանացի արուեստասէրը հաղորդակից դարձաւ իւրայատուկ գեղանկարչական արուեստի մը, որ ոչ միայն կը զատորոշուի անգլիական ու առհասարակ եւրոպական բնանկարչութենէն, այլեւ իր որակով չէր զիջեր անոնց: Եւ որովհետեւ այս ցուցահանդէսը երեւոյթ դարձաւ Լոնտոնի մէջ, անոր ցուցադրութիւնը երկարեցաւ չորս տարիներու վրայ, 2011-2015:

 

Իր գեղարուեստական արժէքին եւ ինքնատպութեան համապատասխան քանատական «Եօթնեակ»-ի («Կրուփ աֆ սեւըն») արուեստը տակաւին ըստ արժանուոյն ո՛չ ճանչցուած է միջազգայնօրէն եւ ո՛չ ալ պէտք եղածին պէս գնահատուած` արուեստի պատմութեան մէջ:

Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին Քանատա կատարած մեր ճամբորդութիւններուն ընթացքին, տարբեր առիթներով այցելեցինք Մոնրէալի, Քեպեք Սիթիի եւ Օթթաուայի ժամանակակից արուեստի թանգարանները, ուր երեքի պարագային ալ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց քանատական «Եօթնեակ»ի բնանկարչութիւնը: Անոնց հանդէպ մեր մէջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը մեզ առաջնորդեց դէպի «Եօթնեակ»-ի կեդրոնը` Թորոնթոյի արուարձաններէն` Քլէյպըրկ (Kleiburg) գիւղաքաղաքը, ուր գողտրիկ եւ հիւրընկալ պուրակի մը տարածքին կառուցուած է ՄքՄայքըլ քանատական արուեստի թանգարանը, որ իր իւրայատուկ ճարտարապետական յղացքով գեղեցկօրէն կը միաձուլուի միջավայրի գրեթէ կոյս բնութեան հետ: Անոր շրջապատին մէջ զետեղուած են ժամանակակից քանդակագործութեան որոշ նմուշներ, որոնց շարքին այցելուն կը հանդիպի նաեւ շիրիմներու, ուր իրենց հանգիստը գտած են յիշեալ «Եօթնեակ»-ի վեց ներկայացուցիչներու աճիւնները: Այս կերպարուեստի հիմնարկը կտակն է կերպարուեստի գործերու բարձրաճաշակ հաւաքորդներ` Ռապըրթ եւ Սիկնի ՄքՄայքըլ ամոլին, որոնք բազմաթիւ արուեստագէտներ հիւրընկալած են իրենց յարկին տակ ու քաջալերած` յատկապէս «Եօթնեակ»ի անդամները: ՄքՄայքըլներու հաւաքածոն, այնքան հարուստ ու բազմազան է, որ մէկ մասը միայն փոխն ի փոխ կը ցուցադրուի թանգարանին մէջ:

Որո՞նք էին ամբողջ Քանատայի, եւ ոչ միայն Քանատայի կողմէ յատուկ մեծարանքի արժանացած այս «Եօթնեակ»-ի անդամները:

Խումբ մը ի վերուստ օժտուած արուեստագէտներ անցնող դարասկիզբին կրցան քով քովի գալ, կազմակերպուիլ ու ստեղծել բնանկարչութեան քանատական տարբերակը, որ ինքնատիպ է եւ` բարձրորակ: Անոնք են` Ֆրանքլին Քարմայքըլ, Լորեն Հարրիս, Ա. Ե. Ճաքսըն, Արթըր Լիսմըր, Ճ. Է. Հ. ՄքՏալըլտ, Ֆրանք Ճոհնսթըն եւ Փարքըր Ֆերլէյ: Ասոնք  առաջին անգամ 1920-ին Թորոնթոյի մէջ կազմակերպեցին ցուցահանդէս մը` «Կրուփ աֆ սեւըն» ընդհանուր խորագրին տակ: Իրականութեան մէջ այս շարժումին հետեւորդները եօթնէ աւելի են: Օրինակի համար, Թոմ Թոմսընը, որ թէեւ մահացած է 1917ին, սակայն յաճախ ցուցադրուած է «Եօթնեակ»ին հետ` իբրեւ նոյն շարժումի ռահվիրաներէն մէկը: Ինքն էր, որ «Եօթնեակ»ի կազմաւորումէն առաջ բնութեան հանդէպ սէրն ու զայն պատկերելու կիրքը արթնցուց միւսներուն մէջ: Հետագային խումբին միացած են նաեւ Էմիլի Քարրի եւ Տէյվիտ Մայլընի նման այլ տաղանդաւոր բնանկարիչներ եւս: Բնութեան սիրահար այս գեղանկարիչները նախ հետազօտեցին ու պատկերեցին Օնթարիօ նահանգի բնաշխարհը, սակայն հետագային անոնք իրենց տեսադաշտը  ընդլայնեցին, մեկնեցան աւելի հեռուները ու հասան մինչեւ Արքթիքայի արեւմտեան ափերը:

Քանատայի փառահեղ բնութիւնը իր արտակարգ շքեղութեամբ ու կերտուածքներով այնքան գեղեցիկ ու գեղագիտականօրէն հրապուրիչ է, որուն ոչ միայն սիրահարեցան անոնք ու միաձուլուեցան բնութեան հետ, այլեւ խստաշունչ ձմեռն իսկ ներշնչման աղբիւր դարձաւ իրենց համար: Այս պատճառով ալ ուղղակի բնութենէն անոնց պատկերումները  պատճենահանումներ չեն, այլ իրենց պայծառ երանգներով ու կուռ կառուցուածքով հոգեմտաւոր զգայուն պրիսմակի մը վրայ ջրդեղուած ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգեն: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ անոնք կրցան դրսեւորել իրենց ենթագիտակիցի մէջ ամբարուած ոգեղէն գրգիռներն ու վիճակները` իբրեւ տարերային բնութեան արտացոլացումներ: Զօրաւոր անհատականութեան տէր այս ստեղծագործողները բնականաբար պիտի ունենային նաեւ իրենց արժանաւոր հետեւորդները, ինչպէս` Կրիկորի Հարտի, Ճորճինա Հանթ, Ճոհն Հարտման, Քիմ Տորլանտ, Տէյվիտ Լիպպեթըր, Ճեք Պուշ, Փիթըր Տոյք եւ այլն: Քանատահայ գեղանկարիչներէն շատեր եւս, հմայուած Քանատայի մայր բնութեան գեղեցկութեամբ, պատկերած են զայն, իւրաքանչիւրը` իր խառնուածքին ու ներշնչումին համապատասխան, ինչպէս` Արման Թադոսեան, Արէգ Էլիբեկեան, Նուպար Սապագ, Պերճ Միսաքեան, Պետրոս Արսլանեան, Ժոզեֆ Մանտալեան եւ ուրիշներ: Եթէ յիշեալներու պարագային, «Եօթնեակ»-ներու նման, զանոնք կարելի է դասել եւ համարել տպաւորապաշտ, յետտպաւորապաշտ եւ կամ «Ֆով» դպրոցներու ներկայացուցիչներ, ապա Պերճ Չաքեճեանին բնանկարչութիւնը կը տարբերի անոնցմէ իր գերիրապաշտ բնոյթով, ուր աշնանային բոցավառ բնութեան հմայքն ու մերկ կնոջ վաւաշոտ գրաւչութիւնը ներդաշնակօրէն ընդելուզուելով իրարու` կը պայմանաւորեն կեանքի գեղեցկութիւնը, իմաստն ու գոյատեւումը միաժամանակ:

ՄքՄայքըլ Քանատական արուեստի թանգարանը, որ համաքանատական նշանակութիւն ունեցող մշակոյթի կեդրոն մը կը համարուի, չի սահմանափակուիր միայն «Եօթնեակ»-ի արուեստով, այլ օժտուած է նաեւ տարբեր բաժիններով: Օրինակի համար, առանձին սրահ մը նուիրուած է ՄքՄայքըլ ամոլի ամբողջական հովանաւորութիւնը  վայելած տաղանդաւոր գեղանկարիչի մը` Նորվալ Մորիսոյի ստեղծագործութիւններուն, որոնք սնունդ ստանալով տեղաբնիկներու ժողովրդական արուեստէն` նոր եւ հոգեւոր երակ մը կը բանան քանատական գեղանկարչութեան մէջ: Առանձնակի նշանակութիւն ունի նաեւ ինուիթներու ինքնատիպ կերպարուեստին յատկացուած բաժինը, որուն արժէ անդրադառնալ առանձին:

Գործ՝ Լորէն Հարրիսի

ՄքՄայքըլ՝ Գանատական Արուեստի Հաւաքածոյէն Նմոյշ մը։

Գործ՝ Թոմ Թոմսընի

Նմոյշ մը Նորվալ Մորիսոյի Ստեղծագործութիւններէն