Քարին Վրայ


Վարանդ Փափազեան


1988ին ծայր տուաւ Արցախի հայութեան ինքնորոշման պայքարը: Ազրպէյճանը հակադարձեց, եւ Շուշիի դիրքը դարձաւ փորձանք Ստեփանակերտի գլխուն: Ազրպէյճանական զօրքը իր «Կրատ» հրթիռներով անխնայ հարուածեց Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը եւ շրջակայքը՝ պատճառելով զոհեր, դժուարացնելով հասարակական կեանքը, քանդելով տնտեսութիւնը ու արգելակելով ազատագրութեան գործընթացը:

Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութեան եւ նորակազմ բանակի հրամանատարութեան համար կենսական կարեւորութիւն ունէր ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն վնասազերծումը եւ ազրպէյճանական լուծէն ձերբազատումը: Որոշուեցաւ ազատագրել Շուշին, եւ յարձակումի ժամկէտ ճշդուեցաւ 1992 Մայիսի 8ը: Արձանագրենք, որ նոյն օրը իրանեան իշխանութիւնները, շրջանցելով Մոսկուան, կազմակերպած էին շրջանային խաղաղութեան ձգտող եռակողմ հանդիպում մը Թեհրանի մէջ՝ Հայաստանի նախագահին, Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնակատարին եւ Իրանի նախագահին միջեւ՝ քննելու համար հակամարտութեան լուծումի կարելիութիւնը:

Մայիս 8ի առաւօտեան շուրջ ժամը մէկին բարձրացանք դէպի Շուշիի հանդիպակաց բլուրները: Մութ գիշեր էր, թէեւ ամպերուն վրայ լոյսերու ցոլացումը կու տար մթնշաղի տպաւորութիւն:

Բանակի հրամանատարութեան գաղտնապահութեան մասին հրահանգը կ՛արգիլէր լուսաւորութիւնը եւ աղմուկը, հետեւաբար, Վաղօն (Գէորգի Պետրոսեանի վարորդը-Խմբ.) չէր միացուցած լոյսերը, որոշ բարձունքի մը հասնելէ ետք ան անջատած էր նաեւ շարժիչը: Մեր ինքնաշարժը դադրած էր մեքենայ ըլլալէ եւ անշշուկ նաւակի նման կը սահէր ճանապարհն ի վար, լարուած լռութեան մէջ:

Յանկա՛րծ աջին՝ հսկայ շուքեր: Ճամբուն եզրին երեւցան բազմաթիւ հրասայլեր եւ փոխադրակառքեր, երկինքի կիսամութ պաստառին վրայ ուրուագծուող զրահապատ մեքենաները կը սպասէին յարձակման հրամանին: Ցնցիչ էր դարանակալ շարասիւնին յայտնութիւնը, հայոց լուռ եւ զուսպ այրուձին կ՛առթէր ահ եւ հպարտութիւն:

Անցանք անդին, բարձրացանք Շուշիի հանդիպակաց բլուր մը, քալելով մօտեցանք գագաթին եւ նայեցանք դէպի Շուշի, տեսանք միայն մութը մթնշաղէն տարբերող անյստակ զանգուած մը:  Ժամը առաւօտեան 2ն էր:

Գոռաց հայկական հրետանին:

Եւ Շուշին լուսաւորուեցաւ:

Յաջորդող քանի մը ժամերուն թնդանօթները կրակեցին գրեթէ անդադար, Շուշին անընդմէջ փայլատակեց հրդեհներու պոռթկումով: Հորիզոնը բռնկած էր, յափշտակուած կը դիտէինք քաղաքին բոցավառ քանդում-վերածնունդը, բառ չկար արտայայտելու գոյութենական վայրկեանը, կարելի էր միայն վկայել պատմական շրջադարձը:

Առաւօտեան դէմ քշեցինք դէպի այն բլուրը, ուր տեղակայուած էին բանակի հրամանատար՝ «Կո-մանտոս»ը, գնդապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեան եւ իր ռազմական շտապը: Նախագահի պաշտօնակատար Գէորգի Պետրոսեան միացաւ հրամանատարական կազմին, Վաղօն եւ ես մնացինք քիչ մը հեռու: Ժամը 7ի շուրջ ռմբակոծումը մեղմացաւ. զրահապատ ուժերուն եւ հետեւակ միաւորներուն հրաման տրուեցաւ շարժելու առաջ եւ դարձդարձիկ ոլորաններէն բարձրանալու դէպի Շուշի:

Վաղօն մեզի տարաւ նոյն ուղղութեամբ: Դէպի Շուշի տանող ճամբուն մօտաւորապէս կիսուն, ճամբեզրին կար ապակիներու գործարան մը, ուր կանգ առինք: Ժամը 8ի մօտերը դէպի Շուշի բարձրացող հետեւակ զօրասիւն մը եւ զրահակառքեր կանգնեցան գործարանին մուտքին: Այդ պահուն է, որ հեռատեսիլի նկարահանող Գագօն զինուորները նկարած ժամանակ մեզի եւս առաւ իր ոսպնեակին մէջ: Կարճ հանգիստէ մը ետք՝ զօրասիւնը շարունակեց իր երթը դէպի Շուշի:

Կրակոցները եւ պայթիւնները անկանոն կերպով շարունակուեցան մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը 1, երբ լուր տուին, որ ազրպէյճանական ուժերը լքած են Շուշին: Իջանք Ստեփանակերտ. կարճ ժամանակ ետք Ազգային ժողովի անդամներու եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազան Մարտիրոսեանին հետ վերստին բարձրացանք դէպի Շուշի:

Շուշիի մուտքին, հայկական գերեզմաննոցին տեղահանուած կամ քանդուած գերեզմանաքարերը պատմեցին ազրպէյճանական մոլեգնութեան մասին, բերդին մուտքին ինկած ազերի զինուորի մը դիակը, ածխացած շէնքերը եւ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցիին գաւիթին մէջ տեղադրուած ատրպէյճանական հրթիռներու արկղերը հաստատեցին թէժ կռիւը, իսկ եկեղեցիին խորանին առջեւ սրբազանին առաջնորդութեամբ կատարուած «Հայր մեր»ը վկայեց հայոց յաղթանակը եւ Շուշիի ազատագրումը: Մայիսի 8ն էր, մօտաւորապէս ժամը 3:

Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Շուշիի ազատագրումի պաշտօնական օրը Մայիսի 9ն է: Այդպէս թող ըլլայ, բայց, կը հաւատամ, որ ամէն տարի Մայիսի 8ին շնորհակալ «Հայր մեր»ը կ՛արձագանգէ Ս. Ամենափրկիչի խորանէն:

***

Շուշին ազատագրուած է: Այլեւս կարելի է մօտենալ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեանի յաճախած թեմական դպրոցին պատին. լերան եզերքէն դէպի վար նայելով կարելի է երեւակայել ձորին խորը ծուարած Քարին Տակ գիւղին հերոսական դիմադրութիւնը ազրպէյճանական յարձակումներուն. կարելի է նաեւ վերադառնալ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցի եւ խնկացող պատարագի կշռոյթով խորհրդածել ազատութեան եւ անհատական ու հաւաքական արժանապատիւ վերապրումի մասին:

Բայց, եկէք բարձրանանք քարին վրայ, դէպի Շուշիի ամենաբարձր կէտը, ուր կանգնած է հեռուստացոյցի հեռարձակումի աշտարակը, մագլցինք ժայռերէն վեր եւ դիմենք չորս ուղղութիւններուն:

Դէպի արեւմուտք Զանգեզուրի եւ Գեղամայ լեռներն են՝ Արարատի թիկնապահները:

Դէպի արեւելք՝ Պաքու տանող դաշտավայրերը եւ Կասպից ծովու նաւթահորերը:

Դէպի հիւսիս պիտի տեսնենք մշուշին մէջ ուրուագծուող Էլպրուզի գագաթը. Արարատէն աւելի բարձր այս լեռը նստած է Ռուսիոյ հարաւային սահմանին:

Դէպի Իրան՝ հազիւ թէ երեւցող լեռնաշղթան կը կոչուի Ալպորզ. անիկա կ՛եզերէ Կասպից ծովուն հարաւը, անոր Դամաւենտ գագաթը եւս Արարատէն բարձր է:

Երկու հսկայ լեռները, Արարատը եւ հայկական լեռնաշխարհը կը գրկեն Կովկասը. տարածաշրջանը կը յենի երեք գագաթներու, ռազմաքաղաքական երեք տարբեր սիւներու վրայ: Շուշին կը գտնուի այդ բեւեռներուն ուժային հաւասարակշռութեան խաչմերուկին վրայ: Հայոց քարին կշիռը ծանր է:

***

Շուշին եւ ազատագրուած տարածքը կը ներկայանան իբրեւ հայ ազգային ռազմավարութեան հիմքը եւ հայոց քաղաքական կամքին բեմը: Այս իրողութիւնը  հայութեան համար պիտի ունենայ բացարձակ արժէք:

2016 Ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն ետք աշխուժացան միջամտութիւնները եւ բազմացան ճնշումները ի խնդիր Հայաստանի կողմէ դիրքային զիջումներու՝ ընդդէմ Արցախի կարգավիճակին մասին աղօտ նշումներու: Կամայ թէ ակամայ, սկսած է արժեւորուելու Ազրպէյճանի շղթայազերծած մաշումի պատերազմէն ծնած «գործնապաշտ» մտայնութիւն մը, որ կեղծ իրատեսութեան քօղին տակ կը փորձէ փորել հայոց քաղաքական կամքին հիմերը, քար առ քար: Հաստատենք նաեւ, որ հայերը եւ Հայաստան կը դիմագրաւեն կենսական նշանակութիւն ունեցող այլ մարտահրաւէր մը՝ արտաքին ճնշումներէն եւ անհատական թէ խմբակային շահերէն բխող պարտուողական մօտեցումներուն բացայայտումը եւ յաղթահարումը:

Պէտք է թօթափել ընթացիկ կեանքի թմբիրը: Անհրաժեշտ է անդրադառնալ, որ տարածաշրջանին տիրող հակամարտութիւններուն ենթահողը եւ մեկնակէտը այն յեղյեղուկ իրավիճակն է, որ յառաջացաւ Ա. Աշխարհամարտէն ետք կայսրութիւններու փլուզումով եւ ժողովուրդներու իրաւունքները անտեսող սահմաններու ստեղծումով, թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի եւ թէ Անդրկովկասի մէջ: Պէտք է հաստատել, որ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը Արցախի կարգավիճակին կողքին ունի նաեւ աշխարհաքաղաքական հիմք, որուն արտայայտութիւնները կ՛երեւին տարածաշրջանին շուրջ մեծապետական մրցակցութեամբ, Ազրպէյճանի նաւթային ընդերքին նկատմամբ միջազգային շահագրգռուածութեամբ, թուրք-ատրպէյճանական միացումի ձգտումներով, թուրք-իրանեան լարուածութեամբ եւ յատկապէս, Արցախի աշխարհագրական դիրքին եւ ռազմաքաղաքական կշիռին վերարժեւորումով:

Հաստատենք ընդմիշտ՝ չկա՛յ Արցախի առանձնացած հարց, կա՛յ Հայաստանի եւ հայութեան գոյութենական հիմնախնդիր: Համազգային մարտունակ գաղափարը, արդարութեան համաժողովրդային ձգտումը եւ ազգային վերականգնումի ռազմավարութիւնը հիմերն են Հայաստանի հզօրացման եւ Ազգին յարատեւութեան: