Քեսապի Մէջ Մայիս 28ը Նշուեցաւ Փառաշուք Տօնախմբութեամբ


“Գանձասար”․- Մայիս 27ին Քեսապի «Սարդարապատ» սրահը ժամադրավայրը դարձած էր քեսապահայերուն, որոնք ընդառաջելով Պատկան Մարմնի հրաւէրին՝ եկած էին ներկայ ըլլալու Սարդարապատեան յաղթանակէն ծնունդ առած Հայաստանի անկախութեան եւ Հանրապետութեան 99 տարեդարձի տօնակատարութեան:

Իրիկուան ժամը 8:30-ին սկսած հանդիսութեան ներկայ էին Հայ Առաքելական Համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Քեսապի Տեղական Ինքնակառավարման Վարչութեան նախագահ Վազգէն Չափարեան, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդ, չափահաս ու երէց սերունդներէ մեծաթիւ ներկայացուցիչներ:

Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին հայ ազատագրական պայքարի ու Հայաստանի անկախութեան հերոս նահատակներուն ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պատերազմին զոհուած նահատակներուն յիշատակը: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի նախակրթարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարիա Ղազարեան, որ խիտ ձեւով արժեւորումը կատարեց Մայիս 28-ին ՝ ընդծելով անոր դերը Հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան մէջ:

Օրուան բանախօսն էր նոյն Ճեմարանի Միջնակարգի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Սեւան Պետուրեան-Աշըգեան: Ան ընդգծեց Մայիս 28ի ստեղծման պատմակերտ հանգամանքը, արժեւորեց ՀՅԴի առաջնորդող դերակատարութիւնը, վեր առաւ Ա. Հանրապետութեան իրագործումները՝ բաղդատական զուգահեռներով զանոնք համեմատելով այսօրուան Հայաստանի կարգ մը երեւոյթներուն հետ, յատկապէս ընդգծելով հզօր Հայաստան կերտելու ազգային առաջադրանքին իրագործման համար Ա. Հանրապետութեան աւանդներուն այժմէական կենսունակութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը: Բանախօսը աւարտին մաղթեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները հաւատարիմ մնան Մայիս 28ի աւանդներուն եւ գործնական ձեւով հետամուտ ըլլան անոնց իրագործման:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Թալին Ապտուլեան (ասմունք), Լուսին Քիւրքճեան (մեներգ), մատղաշ ու առոյգ ձայներով փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգեր մատուցեց Քեսապի «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան անդամներէն կազմուած երգեցիկ խումբը եւ ՀՄԸՄ ի սկաուտներէն ու գայլ արծուիկ միաւորէն անդամներ ներկայացուցին երկու պար:

Պաշտօնական բաժինէն ետք, հանդիսութիւնը ճոխացուց Քեսապի «Կասիոս» նուագախումբը՝ երգիչ Սեւակ Պետուրեանի մենակատարութեամբ ներկայացնելով ազգային-յեղափոխական երգեր:

Տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգի միասնական երգեցողութեամբ:

Նշենք, որ Քեսապի մէջ միշտ յիշատակուած է Մայիս 28ը, ըստ պայմաններուն, տարաբնոյթ ձեռնարկներով. շատ վաղուց՝ պաշտօնական հանդիսութիւններով, երկար տասնամեակներ՝ ժողովրդային հաւաքական պտոյտներով, ուր անպայմանօրէն ներկայացուած է տօնին գաղափարական խորհուրդը՝ բանախօսութեամբ եւ կամ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիրի ընդմէջէն: Վերջին շուրջ տասը տարիներուն, Մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենայ պաշտօնական հանդիսութեամբ: