Քեսապի Մէջ Նշուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան 100ամեակը


“Գանձասար”․- 26 Մայիս 2018ի երեկոյեան, Քեսապ համալիրի «Սարդարապատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի յոբելինական հանդիսութիւնը ներկայութեամբ՝ Քեսապի երեք հոգեւոր հայրերուն, Պատկան Մարմինին, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ քեսապահայերու հոծ բազմութեան։

Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներէն ետք, բացման խօսք արտասանեց  Սթիւ Պէօճիքեան, որ նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Մայիսեան անկախութեան կերտիչներուն եւ նահատակներուն անմար յիշատակը, ապա ողջունեց ներկաները եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Մայիս 28ը հայոց պետականութեան վերականգման տօնն է: Այսօր առաջին հանրապետութենէն 100 տարի անց ունինք ազատ ու անկախ հայրենիք, որ ժառանգութիւնն է Մայիս 28ով կերտուած հանրապետութեան:

5-3

Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր տեսերիզի ցուցադրութիւն՝ «Արամ Մանուկեան.  Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչը» խորագիրով, ասմունք՝ «Աշխարհ իմանայ», մեներգ՝ «Բարի Արագիլ» եւ «Ով Կամաւոր Է Կռւում», հայկական պար եւ խմբերգ:

Օրուան բանախօս դոկտ. Շողեր Աշըգեան տպաւորիչ ակնարկով մը անդրադարձաւ մէկ դար առաջ Արարատեան դաշտին վրայ մեր ժողովուրդի իրավիճակին Մայիսեան այն օրերուն, երբ հայութիւնը կենաց–մահու կռիւ կը մղէր՝ ֆիզիքական գոյութիւնը պահելու եւ հայրենի վերջին կտոր հողը պաշտպանելու համար: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ եւ դարձաւ ազգ–բանակ, թիկունք ու ճակատ միացան, զինուոր ու ժողովուրդ նոյնացան, դարձան կուռ բռունցք, հարուածող հատու բազուկ եւ սխրալի դիմադրութիւն ցոյց տուին:

5-9

Այնուհետեւ բանախօսուհին անդրադարձաւ 100ամեակի տօնախմբութիւններուն , որոնք տեղի կ’ունենան Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ՝ դիտել տալով որ անոնք կ’ապացուցեն Մայիս 28-ի այժմէականութիւնը իր խորհուրդով եւ պատգամներով, հեռանկարային ուժականութիւնը՝ ապագայի համար: Ապա աւելցուց. «Այսօր կը դիմագրաւենք մարտահրաւէրներ եւ զանոնք յաղթահարելու համար ահագին գործ ունինք ընելու: Իբրեւ հայոց պետութիւն ու հայութիւն պէտք է ըլլանք միակամ, զգաստ, զգօն ու գործօն, որ նորանոր նուաճումներ արձանագրենք բոլոր բնագաւառներուն մէջ»:

Հանդիսութեան աւարտին, հանդիսականները միասնաբար երգեցին «Սարդարապատ» յաղթերգը:

Մայիսեան տօնակատարութեան ձեռնարկները շարունակուեցան… Կիրակի, 27 Մայիս 2018ին, «Քեսապ» համալիրի ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ յեղափոխական երգահանդէս՝ Հալէպէն ժամանած հանրածանօթ երգիչ Ճորճ Գալայճեանի մասնակցութեամբ:

Օրուան հանդիսավար Նշան Լնդեան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք շնորհաւորեց մեր հայրենիքի անկախութեան 100ամեակը եւ շեշտեց , որ Մայիս 28ի տօնակատարութիւնները Քեսապի մէջ միշտ ունեցած են իրենց իւրայատուկ կարեւորութիւնը։ Իսկ այսօր, մեր երրորդ տեղահանութենէն ետք, մենք առաւել գիտակցութեամբ եւ արժեւորումով կը տօնենք մեր յաղթանակը, որ կերտուեցաւ մեր նահատակներու արեան գնով։

34162106_1436731893095499_5979090514689916928_n

Եզրափակելով ան ըսաւ որ Մայիս 28ի յաղթանակը առիթ մըն է որպէս քեսապցիներ խօսելու գալիք յաղթանակներուն մասին։ Այս յաղթանակներուն իմաստը Քեսապը պահելու մէջ կը կայանայ։ Մենք հիւրեր չենք այս հողին վրայ, այլ՝ իսկական տէրերն ենք անոր։ «Մենք, բոլորս, պարտաւոր ենք պահել մեր երիտասարդութիւնը։ Անհատներ, միութիւններ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ տէր պէտք է կանգնին այս երիտասարդութեան։

«Սիրելի՛ տղաք ու աղջիկներ, սիրեցէ՛ք ձեր նախնիներուն սովորութիւնները, սիրեցէ՛ք ձեր լեզուն եւ բարբառը, սիրեցէ՛ք ձեր հողերն ու պարտէզները։ Քեսապը գոյատեւած է հողագործութեան շնորհիւ եւ կը մնայ ու պիտի մնայ հողագործութեամբ։ Դուք էք որ պիտի շէնցնէք եւ բարգաւաճ դարձնէք Քեսապը, քեսապահայութեան հայրենիքը»:

Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան, Հայր Նարեկ Լուիսեան եւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեան իւրաքանչիւրը առանձնաբար իրենց սրտին խօսքը արտասանեցին այս առիթով ու շնորհաւորեց մեր ազգին փառապանծ յաղթանակը։

Քեսապի աշուղ Ժիրայր Թրթռեան քեսապի բարբառով իր յօրինած հին եւ նոր երգերով ոգեւորեց ներկաները՝ վերակենդանացնելով գիւղական մեր պապենական աւանդութիւններն ու ժառանգութիւնը։ Ապա բոլորը միասին ձեռքի-ձեռքի տուած, մեծ խանդավառութեամբ պարեցին քեսապի շուրջպարը։

Սուրիոյ պատերազմի այս ահռելի տարիներէն ետք, քեսապցին կրցաւ վերագտնել իր նախկին հրճուանքը, երգիչ Ճորճին հետ երգեց եւ ապրեցաւ յեղափոխական երգերուն ոգեւորութիւնը, ուխտեց հաւատարիմ մնալ իր եռագոյն դրօշին, պահել իր հայկական սուրբ հողը եւ շարունակել իր երթը դէպի ազատ, անկախ, հզօր Հայաստան։

Հայաստանի անկախութեան 100ամեակին նուիրուած այս զոյգ ձեռնարկները ներշնչեցին ներկաները փայլուն ապագայի յոյսերով եւ ջերմացուցին քեսապահայերուն սրտերը:

Փա՛ռք Մայիս 28ը կերտող սերունդին:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստան աշխարհը:

Նայիրի Կարճիկեան