Քեսապի Շրջանը Հրթիռակոծուեցաւ


“Թորոնթոհայ”-ի Քեսապի աղբիւրը կը յայտնէ, որ այսօր՝ Մայիս 6-ին տեղական ժամանակով յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Քեսապի Էսկիւրան գիւղին եւ այլ ուղղութիւններով հրթիռներ արձակած են։ Հինգ հրթիռներ ինկած են Էսկիւրան գիւղի եւ Քեսապի այլ տեղեր։ Վիրաւորուած են քեսապցի երկու հայեր, որոնք անմիջապէս փոխադրուած են Լաթաքիոյ հիւանդանոցներէն մին։ Վիրաւորներուն առողջական վիճակը կայուն է։

Նշենք, թէ Սուրիական բանակը մեծ գրոհի սկսած է Իտլէպ նահանգի մէջ տեղակայուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, որուն ի պատասխան զինեալները տարբեր ուղղութիւններով հրթիռներ կ՛արձակեն Լաթաքիոյ շրջակայքը։