Քիւրտիստանի Մայրաքաղաք Էրպիլի Մէջ Կատարուեցաւ Հայկական Առաջին Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Օծումը


«Հայերն այսօր»,- Ապրիլ 6ին  Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի Այնքաուա շրջանին մէջ բացումը եւ օծումը կատարուեցաւ հայկական առաջին նորակառոյց եկեղեցիին:

Եկեղեցւոյ օծումը կատարեց  Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Անթիլիասի միաբանութեան անդամներէն  Վարուժան արք Հերկելեան,  Եգիպտոսի Հայոց թեմի  առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանի տեսուչը Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վահան եպս. Յովհաննէսեան, Ռունանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթիւ եպս Յակոբեան եւ  Իրաքի թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականաց դասը:

Բացման արարողութեան ներկայ եղան Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Հրաչեայ Փոլատեան, Իրաքի մէջ քրիստոնէական յարանուանութեանց ներկայացուցիչները, Քիւրտիստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ, Իրաքի Կեդրոնական վարչութեան անդամները , շրջաններու թաղական խուրհուրդները եւ հոծ հաւատացեալ բազմութիւն մը:

Էրպիլի մէջ առաջին հայկական եկեղեցին անուանակոչուած է Ս. Խաչ անունով: Եկեղեցւոյ կառուցման համար հողի յատկացուցումը եւ ֆինանսաւորումը իրականացուած էր ինքնավարութեան նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանիի (Masoud Barzani) կառավարութեան կողմէն։

Լուսանկարները՝ ishtartv