Քոնկրեսական Ճեքի Սփիր Եւ Քիմ Քարտաշեան Կը Համատեղեն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Իրենց Ջանքերը


«Փանորամա»,- Պատկերասփիւռի ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեան հարցազրոյց տուած է The Wall Street Journal-ին, որուն նաեւ ըսած է, թէ կը ցանկայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձնել իր առաքելութիւնը:

Քիմ, որ կը զբաղի Միացեալ Նահանգներու մէջ քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու հարցերով, ըսած է, որ ցանկայ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ցեղասպանութեան ու վերջերս հաղորդագրութիւն ուղարկած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսային` Ճարետ Քուշներին, որ նաեւ նախագահին խորհրդականն է` խնդրելով քննարկել հարցը:

«Ես կը ցանկամ զայն (ցեղասպանութեան ճանաչումը․-խմբ․) դարձնել իմ առաքելութիւնը: Հայրիկս շատ պիտի հպարտանար»,ըսած է ան` նկատի ունենալով ամերիկահայ իրաւաբան Ռապըրթ Քարտաշեանը:

WSJ–ը նաեւ յայտած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Քիմ Քարտաշեանին զանգահարած է քոնկրեսական Ճեքի Սփիր` ակնկալելով այս հարցի շուրջ Քարտաշեան-Ուեսթի աջակցութիւնը: Եթէ դուն կարենաս հասնիլ ատոր, որ նախագահը ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, ատիկա պիտի ըլլայ բեկումնային` Քոնկրեսի մէջ ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունման համար», ըսած է Սփիր Քարտաշեանին:

Կը նշուի, որ 3 օրէն Քարտաշեան պիտի ըլլայ Սպիտակ տուն` քննարկելու քրէական արդարադատութեան հետ կապուած հարցերը եւ խոստացած է նաեւ անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին: