Օնթարիոյի Ազատական Կառավարութենէն 3 Միլիոն Տոլարի Խոստում՝ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Համալիրի Ընդարձակման


Մայքըլ Քոթու, Սու Ուոնկ եւ Շելի Քերըլ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներու հետ:

ԹՈՐՈՆԹՕ․- Ապրիլ 13ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ հաւաքի մը ընթացքին, Օնթարիօ նահանգի Ընկերային եւ Երիտասարդական Հարցերու նախարար Մայքըլ Քոթու յայտարարեց, որ Ազատական կառավարութիւնը 3 միլիոն տոլարի յատկացում մը պիտի կատարէ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ենթակառոյցի ընդարձակման ծրագրին։ Յատկացումը պիտի իրականանայ, եթէ Ազատականները պահեն իշխանութիւնը՝ յաջորդող ընտրաշրջանին:

Նախարար Մայքըլ Քոթու

Նախարար Մայքըլ Քոթու Հայ Կեդրոնին մէջ կը կատարէ 3 միլիոն տոլարի յայտարարութիւնը:

Նախարարը շեշտեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է նահանգին մէջ մանուկներու եւ երիտասարդներու ուսման եւ մշակութային այլազանութեան պահպանման:

Վաչէ Քըլըպոզեան

Հայ Կեդրոնի պատասխանատու եւ ՀՅԴ Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Գըլըպոզեան շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան այս կարեւոր յանձնառութեան համար։
 

Հաւաքին ներկայ էին նաեւ նահանգային խորհրդարանական Սու Ուոնկ եւ Ազատական թեկնածու Շելի Քերըլ: